Այս կիրակի յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, Պհամտունի «Ամին Ապտել Նուր» դաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ 2023-2024 տարեշրջանի Լեռնալիբանանի գերբաժակի մրցումը` ախոյեան ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի եւ բաժակակիր Հիլալ Նասրի միջեւ:
Ախոյեան ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ նախապէս Հիլալ Նասրի դէմ ունեցած է մէկ մրցում, որուն ընթացքին վերջինս կրցած էր 1 կոլ նշանակել եւ յաղթել ՀՄԸՄ-ի տղոց:
Այդ օր մեր տղաքը լաւ ելոյթ չէին կրցած ցուցաբերել: Այս կիրակի Հիլալ Նասր դաշտին վրայ պիտի տեսնէ ՀՄԸՄ-ի տղոց իսկական մակարդակը:
Համակիրներէն կը սպասուի խիտ շարքերով ներկայ գտնուիլ Պհամտուն եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի տղաքը: Փոխադրակառքեր տրամադրուած են Պուրճ Համուտի հրապարակէն, անոնք ժամը 14:30-էն սկսեալ դաշտ պիտի փոխադրեն համակիրները:
Տիտղոս մը եւս աւելի կ՛ամրապնդէ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղոց կամքը: Անոնք վերջին հանգրուանին պիտի մրցին Լիբանանի տարբեր շրջաններու լաւագոյն խումբերուն դէմ:
Հիւսիսային Լիբանանի շրջանէն Անսար Մաուատա, Վուլվզ եւ Շեքքա հասած են աւարտական հանգրուան: Հարաւային Լիբանանի շրջանէն Շապապ Ատլուն եւ Ամալ Մաարաքէ հասած են աւարտական հանգրուան: Կը մնայ յստակացնել Պեքաայի 2 թեկնածուները, ինչպէս նաեւ Ռապիթաթ Ուարտանիէ (Լեռնալիբանանի 4-րդ դիրքը գրաւած) – Արզ Պէյրութի 2-րդ դիրքը գրաւած) յաղթականը: