Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Լըպրոն Ճէյմս Տիւրենթի Եւ Քըրրիի Հետեւեցաւ…

May 1, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ վերջ գտաւ Լըպրոն Ճէյմսի 21-րդ տարեշրջանը, երբ իր խումբը` Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անցեալ տարուան ախոյեան Տենվըր Նակեթցէն, այս վերջինիս Պոլ Արենա դաշտին մէջ:

Երէկ կը կարծուէր, թէ Լէյքըրզ յաղթանակ պիտի արձանագրէ, մանաւանդ որ մրցումի առաջին կիսախաղին Լէյքըրզ 9 կէտի առաւելութիւն ձեռք ձգեց:

Սակայն Տենվըր կրցաւ պէտք եղածը իրագործել եւ չնչին առաւելութեամբ պարտութեան մատնել Լոս Անճելըսի ներկայացուցիչը:

Տենվըրի սենթըր եւ անցեալ տարուան աւարտականի «Էմ. Վի. Փի.» Նիքոլա Եոքիչ 25 կէտ նշանակեց եւ 20 ռիպաունտ ձեռք ձգեց` կատարելով 9 էսիսթ: Մայքըլ Փորթըր Ճունիըր (26 կէտ) Ճամալ Մարէյի (32 կէտ) նման 5 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց:

Լէյքըրզի մարզիկները ամէն ինչ փորձեցին, բայց 3 կէտնոց կողովներու ձախողութիւնը (28 տոկոս միայն) հիմնական պատճառն էր երէկուան մրցումը կորսնցնելու:

Լըպրոն Ճէյմս 30 կէտ, 11 էսիսթ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Անթոնի Տէյվիս` 17 կէտ եւ 15 ռիպաունտ: Օսթըն Ռիվզ (19 կէտ), Ռուի Հաշիմուրա (15 կէտ) եւ Տ՛Անճելօ Ռասըլ (14 կէտ) լաւ ելոյթներ ունեցան ի նպաստ Լէյքըրզի:

Այս ձեւով, 2005-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով «Էն. Պի. Էյ.»-ի փլէյ օֆի երկրորդ հանգրուանէն պիտի բացակային Լըպրոն Ճէյմս, Քեւըն Տիւրենթ (Ֆենիքս Սանզ) եւ Սթեֆան Քըրրի (Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ): Կոլտըն Սթէյթ, որ 2015-ին, 2017-ին, 2018-ին եւ 2022-ին շահած էր ախոյեանութիւնը, ին-փլէյ մրցաշարքէն իսկ դուրս մնացած էր: Ֆինիքս Սանզ, որ 6-րդ դասուած խումբն էր, 4-0 արդիւնքով պարտուած էր Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզէն (թիւ 3) եւ դուրս մնացած փլէյ-օֆի առաջին հանգրուանէն:

Այժմ, Արեւմտեան շրջանի կիսաւարտականին, Տենվըր (թիւ 2) պիտի մրցի Մինեսոթայի դէմ, մինչ Օքլահոմա Սիթի Թանտըր (թիւ 14 դասուած) երէկ 4-0 արդիւնքով դուրս ձգելէ ետք Նիւ Օրլինզ Փելիքընզը, կը սպասէ Լոս Անճելըս Քլիփըրզ –  Տալաս Մեւրիքս (2-2) մրցումին յաղթականին, Արեւմտեան շրջանի միւս կիսաւարտականին:

Արեւելեան շրջանը աւելի «մութ» կը թուի, հակառակ անոր որ Պոսթըն Սելթիքս երէկ, Մայեմիի մէջ կրցաւ 88-102 արդիւնքով յաղթանակ արձանագրել անցեալ տարուան փոխախոյեան Հիթի վրայ եւ 3-1 արդիւնքով յառաջացաւ:

Տերիք Ուայթ 38 կէտ նշանակեց ի նպաստ Սելթիքսի, մինչ Մայեմիէն փայլեցաւ Պեմ Ատեպայօ, որ 25 կէտ եւ 147 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:

Այժմ Պոսթընի նման Ինտիանա փէյսըրզ (թիւ 6) 3-1 արդիւնքով յառաջացած է Միլուոքի Պաքսի (թիւ 3) վրայ, մինչ Նիւ Եորք Նիքս (թիւ 2) 3-1 արդիւնքով յառաջացած է Ֆիլատելֆիա 76-ըրզի (թիւ 7) վրայ:

Քլիվլենտ Քեւելիրզ (թիւ 4) 2-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք կորսնցուց 2 յաջորդական մրցումներ, Օրլանտոյի դաշտին վրայ, տեղւոյն Մեճիքէն:

Պէտք է նշել, որ Արեւելեան շրջանի խումբերէն Միլուոքի Պաքսի եւ Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ վիրաւորներ ունենալուն պատճառով է, որ նահանջած են:

Նախորդը

Սեննա 30 Տարի Առաջ Այս Օրը Մահացաւ

Յաջորդը

Լայսթըր Գերազանցեց Մանչեսթըր Սիթին…

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Սանթրալ – ՀՄԸՄ` 90-75
Մարզական

Պասքեթպոլ. Սանթրալ – ՀՄԸՄ` 90-75

November 2, 2026
Քարաթէ.  Հայաստան 4 Մետալ Կը Նուաճէ Գահիրէի Մէջ
Մարզական

Քարաթէ. Հայաստան 4 Մետալ Կը Նուաճէ Գահիրէի Մէջ

November 2, 2026
«Էմ. Էմ. Էյ.»  Ժան-Փոլ Պոսնոյեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Ժան-Փոլ Պոսնոյեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.