Վրաստանի Թելաւի քաղաքին մէջ վերջ գտաւ ճիւտոյի պատանիներու Եւրոպայի ախոյեանութիւնը: Հայաստանի հաւաքականը 3 արծաթէ մետալ ձեռք ձգեց:
50 քկ մրցումներուն Հրազդանի մանկապատանեկան մարզադպրոցի սան Արթուր Դաւիթեան, 55 քկ կշիռի մրցումներուն Արմավիրի մանկապատանեկան մարզադպրոցի սան Հայկ Դարբինեան, ինչպէս նաեւ 27 քկ կշիռի մրցումներուն Մարալիկի մանկապատանեկան մարզադպրոցի սան Սուսաննա Մանուկեան դարձան արծաթէ մետալակիրներ: