Հայաստանի մարմնամարզութեան երիտասարդներու ազգային խումբի անդամ Համլեթ Մանուկեան դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան, մինչ Մամիկոն Խաչատրեան պրոնզէ մետալ շահեցաւ:
Ըստ «Արմէնփրես»-ի իտալական Ռեմինի քաղաքին մէջ տեղի ունեցող մարմնամարզութեան երիտասարդներու ախոյեանութեան առանձին գործիքներու նժոյգ-թափերու աւարտականին, Համլեթ Մանուկեան 14.500 կէտ հաւաքելով դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Հայաստանի ազգային խումբի անդամ Մամիկոն Խաչատրեան 14.266 կէտ հաւաքելով արժանացաւ պրոնզէ մետալին: