Վաղը կը սկսին ֆայնըլ 4-ի մրցումները, ուր ՀՄԸՄ Պէյրութ կը մրցի Ռիատիի դէմ Մանարայի դաշտին վրայ, ժամը 17:45-ին:
Առաջին մրցումը կրնայ ըլլալ քիչ մը լարուած` նկատի ունենալով, որ նոյն այս դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի տղաքը անցեալ նոյեմբերին կրցան յաղթանակ արձանագրել, բայց խումբերը շատ փոփոխութիւններ կրած են այդ օրուան մրցումէն ետք: ՀՄԸՄ-ի պարագային Զեք Լոֆթըն եւ Ճամալ Ճոնզ անցեալ մրցումին խումբին մաս չէին կազմեր, մինչ Ռիատի իր կարգին բարեփոխած է իր օտարները` ձեռք ձգելով Թոն Մէյքըրը եւ Ճոնաթըն Սիմընզը:
Յոյսով, որ ՀՄԸՄ-ի տղաքը կրկնեն յաղթանակը Մանարայի մէջ ախոյեան Ռիատիի դէմ, որ քանի մը օր առաջ որոշեց «քաշուիլ» Լիբանանի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքէն (Անթուան Շուէյրի բաժակ), որ աւելի կեդրոնանայ ախոյեանութեան եւ Ուասլի մրցաշարքի աւարտական մրցումին վրայ:
Ֆայնըլ 4-ի գծով, երկուշաբթի ժամը 21:45-ին Պէյրութ Ֆըրսթ կը հիւրընկալէ Սաժեսը` Շիյահի դաշտին վրայ: Շաբաթ, Սաժես կը հիւրընկալէ 2-րդ մրցումը նոյն ժամուն, Ղազիրի մէջ, իսկ ՀՄԸՄ կիրակի ժամը 16:45-ին (5 մայիսին) կը հիւրընկալէ Ռիատին Մըզհերի մէջ: