30 տարի առաջ, Այրթոն Սեննա 200 քմ արագութեան վրայ պատին զարնուելով կորսնցուց իր կեանքը` Իմոլայի կրան փրիին: Սեննայի մահուան ձգած բացը տակաւին զգալի է մինչեւ օրս:
Անձ մը ողջ կը մնայ, այնքան ատեն որ կը յիշուի: Իմոլա, Իտալիա: 1 երկվայրկեան, 1 մայիս 1994: Երկիր մը կը սառի: Ֆութպոլի մրցումներ կ՛ընդմիջուին: Մարզիկներ իրենց ծունկերուն վրայ նստած խոտերուն վրայ… անհաւատալի լուր: Մարզական աշխարհը կանգ կ՛առնէ: 2 միլիառ ժողովուրդ պատկերասփիւռին առջեւ կը դիտեն կապոյտով ճերմակ Ֆորմիւլա 1-ի ինքնաշարժ մը կը սուրայ 307 քմ արագութեան վրայ եւ անզսպելի դառնալով կ՛ուղղուի ճամբէն դուրս եւ 211 քմ արագութեան վրայ պատի մը կը զարնուի: Անիւները ինքնաշարժէն կը թռին աջ ու ձախ:
Ուիլիամս-Ռընօ, որ այդ օրուան ամէնէն յաջող ինքնաշարժն էր, անշարժ կը մնայ: Այրթոն Սեննա (34 տարեկան) կը մահանայ: Մարզական աշխարհը կորսնցուց իր պատմական դէմքերէն մէկը: Պրազիլ արցունքներու ծովու վերածուեցաւ:
«Երբ կ՛որոշես մրցիլ, պէտք է գիտնաս, որ ամէն ինչ երկվայրկեանի մէջ կրնայ աւարտիլ: Կը զգաս, որ դուն բան մը չես: Պէտք է համակերպիս աս կէտին կամ լքես մրցումը», ըսած է Սեննա, որ 3 անգամ աշխարհի ախոյեան դարձած է 1988-ին, 1990-ին եւ 1991-ին: