Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. Ռիատի – ՀՄԸՄ 107-88

April 29, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Մանարայի դաշտին վրայ սկսան Լիբանանի պասքեթպոլի կիսաւարտականի կամ Ֆայնըլ 4-ի մրցումները:

Ռիատի առաջին մասին տիրապետեց ՀՄԸՄ-ի վրայ, որ 16 օր դադարէ ետք չկրցաւ արագ ձեւով մտնել մրցումի մթնոլորտին մէջ:

Ժատ-Ժերար-Կապրիէլ-Լոֆթըն-Ճեքսըն հնգեակը տարբեր մակարդակի ելոյթներ ունեցան: Ժատ Խալիլ հաւանաբար իր ամէնէն վատ մրցումը կատարեց ՀՄԸՄ-ի շապիկով: Ան 29 վայրկեանի ընթացքին 4 կէտ, 5 էսիսթ եւ 3 ֆաուլ կատարեց:

Խմբապետ Ժերար Հատիտեանի գործը շատ դժուար էր: Ան իրմէ շատ աւելի բարձրահասակի մարզիկներու մէջ մնալով կրցաւ 32 վայրկեան մասնակցիլ եւ 5 ֆաուլ կատարելով դուրս ելաւ: Ժերար Հատիտեան 7 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:

Զեք Լոֆթըն եղաւ ՀՄԸՄ-ի լաւագոյն մարզիկը եւ Կապրիէլ Աճէմեանի հետ լաւ ձեւով պաշտպանեց եւ նշանակեց: Լաւ ելոյթ ունեցաւ նաեւ Տուէյն Ճեքսըն, որ ձախ ձեռքի երկու կոտրած մատներ ունենալով հանդերձ, կրցաւ 4 հատ 3 կէտնոց կողովներ նշանակել: Տուէյն Ճեքսըն 18 կէտ նշանակեց` ձեռք ձգելով 6 ռիպաունտ:

Զեք Լոֆթըն 27 կէտ նշանակեց` կատարելով նաեւ 7 էսիսթ եւ 3 սթիլ: Կապրիէլ 19 կէտ նշանակեց եւ շատ մրցակիցներէ ֆաուլեր շահեցաւ: Ան բնաւ իր կեդրոնացումը չկորսնցուց եւ միայն 3 ֆաուլերով աւարտեց մրցումը:

Ճամալ Ճոնզ 12 վայրկեան մասնակցեցաւ` նշանակելով 10 կէտ, մինչ Ճիմի Սալեմ 17 վայրկեան մասնակցեցաւ` նշանակելով 3 կէտ: Տանիէլ Պաղտատեան 6 վայրկեան մասնակցեցաւ, ինչպէս նաեւ 3 վայրկեանով դաշտ ներկայացաւ Կերի Չիւիչեան` առանց յիշատակելի բաներ կատարելու:

Յառաջիկայ կիրակի ժամը 16:45-ին, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ 2-րդ մրցումը: Յոյսով, որ մեր տղաքը մրցումը մթնոլորտին մէջ կանուխ կամ կը մտնեն եւ ոչ ինչպէս որ եղաւ երէկուան մրցումին… Մրցումի 2-րդ կիսախաղին:

Առաջին մասին 29-22 արդիւնքով ետ մնացած ՀՄԸՄ, երկրորդ մասին 32-24 արդիւնքով ալ պարտուելով կիսախաղ մտաւ` 61-46 արդիւնքով: 3-րդ մասին 21-21, իսկ 4-րդ մասին 25-21 քիչ մը աւելի հաւասարակշռուած էր մրցումը: Ռիատի մինչեւ կիրակի, մրցում մը ունի կատարելիք Իրանի մէջ` Ուասլի մրցաշարքին գծով, Շահրտարի Կորկանի դէմ: ՀՄԸՄ 1 շաբաթ հանգիստ ունի եւ առիթ` լաւ ձեւով պատրաստուելու մրցումին:

Այսօր, Շիյահի դաշտին վրայ, ժամը 21:45-ին, Պէյրութ Ֆըրսթ պիտի հիւրընկալէ Սաժեսը, կիսաւարտականի 2-րդ մրցումին:

Նախորդը

Այա Նափայի Պատանիներու Մրցաշարք. Սօսէ Սեփէթճեան Կը Փայլի Կիպրոսի Մէջ

Յաջորդը

Պայտըն-Էրտողան Հանդիպումը Յետաձգուա՞ծ Է

RelatedPosts

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Ընտրուեցաւ Լաւագոյնը
Մարզական

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Ընտրուեցաւ Լաւագոյնը

October 31, 2026
Եւրոպական Ֆութպոլ.  Այսօր` Պայերն Միւնիխ – Տորթմունտ Վաղը` Լիվըրփուլ – Արսենալ
Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Պայերն Միւնիխ – Տորթմունտ Վաղը` Լիվըրփուլ – Արսենալ

October 31, 2026
2800 Եւրօ Եւ 41 Վայրկեան` «Քլասիքօ»…
Մարզական

2800 Եւրօ Եւ 41 Վայրկեան` «Քլասիքօ»…

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.