Անցեալ շաբաթավերջին սկսաւ Լիբանանի Դ. դասակարգի տղոց ախոյեանութիւնը, որ ՀՄԸՄ Անթիլիաս 75-62 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Շիրահ Պուարի խումբին դէմ:
Մրցումը տեղի ունեցաւ Ատապ ուալ Ռիատա Քֆարշիմայի դաշտին վրայ, եւ ՀՄԸՄ-ի տղաքը պահ մը 26 կէտով ալ հեռացան մրցակիցէն` առիթ տալով գրեթէ բոլոր մարզիկներուն, որ իրենց մասնակցութիւնը բերեն մրցումին:
Յուսանք, որ այս յաղթանակին կը յաջորդեն այլ յաղթանակներ եւս, եւ խումբը կը բարձրանայ Գ. դասակարգ: