Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Պայերն Միւնիխ – Ռէալ Մատրիտ

April 30, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր Միւնիխի (Գերմանիա) Ալիանց Արինա դաշտը պիտի հիւրընկալէ այս տարեշրջանի «Չեմփիընզ լիկ»-ի առաջին կիսաւարտականի մրցումը, Պայերն Միւնիխի եւ Ռէալ Մատրիտի միջեւ:

6 անգամ «Չեմփիընզ լիկ»-ը շահած Պայերն իր դէմ ունի 14 անգամ տիտղոսակիր Ռէալը, որ այս մրցաշարքի ամէնէն արդիւնաւէտ ակումբն է:

Երկու խումբերն ալ քառորդ աւարտականին դուրս ձգեցին անգլիական ակումբներ, Պայերն` Արսենալը, իսկ Ռէալ` Մանչեսթըր Սիթին (անցեալ տարուան տիտղոսակիր):

Քարլօ Անչելոթթիի ակումբը` Մատրիտ, «Լա լիկա»-ի ախոյեան օծուելու ճամբուն վրայ է, մինչ Պայերն բաւական ձախող տարեշրջան մը բոլորեց «Պունտըսլիկա»-ի գծով, որ Չաւի Ալոնսոյի մարզած Պայեր Լեւերքուզըն իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով դարձաւ ախոյեան: Պայերն եւ Մատրիտ կը պայքարին հասնելու եւ մրցելու Պորուսիա Տորթմունտ-Փարիզ Սեն Ժերմեն (վաղը) մրցումին յաղթականին դէմ` Ուեմպլիի մէջ:

Պայերնի մարզիչ Թոմաս Թուխել, որ տարեշրջանի սկիզբէն վիրաւորներու երկար ցանկ մը ունէր, այս տարեշրջանի ամէնէն կարեւոր մրցումին անգամ մը եւս վիրաւորներու հարց ունի: Մաթայս Տը Լիխթ եւ Քոնրատ Լայմըր շաբաթավերջին Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի դէմ մրցումին վիրաւորուեցան եւ հաւանաբար բացակային: Կը սպասուի, որ Սերժ Կնապրի եւ Լիրոյ Սանէ պատրաստ ըլլան այս օրուան մրցումին, մինչ Ժամալ Մուսիալայի մասնակցութիւնը թէական է:

Ռէալ Մատրիտ ստիպուած պիտի ըլլայ Տանի Քարվախալը (կախակայուած) փոխարինել Լուքաս Վասքեսով, մինչ անգլիացի միջնապահ Ճուտ Պելինկհամ, որ Ռէալ Սոսիետատի դէմ բացակայ էր ստամոքսի վիրուսի պատճառով, ապաքինած կը  թուի ըլլալ եւ հաւանաբար խաղայ:

Էտիտ Միլիթաօ, որ 90 վայրկեան խաղցաւ Սոսիետատի դէմ, կրնայ դաշտ ներկայանալ Նաչոյի եւ Չուամենէի կողքին, ըլլալու Անթոնիօ Ռուտիկըրի զոյգը` կեդրոնի պաշտպանի դիրքին վրայ:

Հաւանական կազմերն են.

Պայերն Միւնիխ – Նոյըր – Քիմիչ, Քիմ, Տայըր, Տէյվիս – Կորեցքա, Փաւլովիչ – Կնապրի, Սանէ, Կերրէյրօ – Քէյն:
Ռէալ Մատրիտ – Լունին – Վասքես, Չուամենի, Ռուտիկըր, Մենտի – Վալվերտէ, Քրուս, Քամաւինկա – Պելինկհամ – Ռոտրիկօ, Վինիսիուս Ճունիոր:

Վաղը Տորթմունտ Գերմանիոյ մէջ պիտի հիւրընկալէ Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենը:

Նախորդը

Բռնցքամարտ. Հայաստան 2 Արծաթ Եւ 5 Պրոնզ Մետալներով Աւարտեց Եւրոպայի Ախոյեանութիւնը

Յաջորդը

Չինաստանի Նախագահը 5-10 Մայիսին Պիտի Այցելէ Ֆրանսա, Սերպիա Եւ Հունգարիա

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Արապի Աքքար
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Արապի Աքքար

September 19, 2026
Լիբանանի Երիտասարդներու  Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ – Ռասինկ
Մարզական

Լիբանանի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ – Ռասինկ

September 19, 2026
Ճատրակ.  Հայաստանի Հաւաքականները  Յաղթանակ Մը Եւս Արձանագրեցին
Մարզական

Ճատրակ. Հայաստանի Հաւաքականները Յաղթանակ Մը Եւս Արձանագրեցին

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.