Այա Նափայի (Կիպրոս) մէջ տեղի կ՛ունենայ պատանիներու միջազգային ակադեմիաներու մրցաշարք մը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ Աթլեթիքօ ակադեմիան, որուն 15 տարեկանէն վար պատանիներու տղոց խումբին մաս կը կազմէ լիբանանահայ Սօսէ Սեփէթճեան:
Սօսէ Սեփէթճեան կը փայլի տղոց խումբերու մրցաշարքին: Ան առաջին մրցումին կիպրական Մաւրուտես Քորվըր ակադեմիային դէմ (8-5) յաղթանակին կոլ մը նշանակեց եւ 2 կոլերու էսիսթներ տուաւ:
Երկրորդ մրցումին, Սօսէ Սեփէթճեան ՓԱԷԷՔ կիպրական խումբին դէմ 2 կոլ նշանակեց եւ 1 էսիսթ կատարեց` օգնելով Աթլեթիքոյին, որ 6-0 արդիւնքով յաղթէ:
Խմբակի 3-րդ եւ վերջին մրցումին Աթլեթիքօ 4-1 արդիւնքով կրցաւ յաղթել կիպրական Արիս Լիմասոլին: Մրցումին ընթացքին Սօսէ Սեփէթճեան կրցաւ կոլի մը փոխանցումը կատարել:
Սօսէ Սեփէթճեանի ելոյթները մեզ բոլորիս կ՛ուրախացնեն` նկատի ունենալով, որ ան միակ աղջիկն է տղոց խումբին մէջ եւ կը մասնակցի 15 տարեկանէն վար խումբին հետ իրմէ մեծ պատանիներու դէմ` 14 տարեկանը չբոլորած: