Լիբանանի կրթութեան նախարարութիւնը կազմակերպած էր միջդպրոցական մարմնամարզութեան մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի աշակերտներ Արին Սեփէթճեան (Բ. դասարան) եւ Սէրլի Տէքէրմէնճեան (Դ. դասարան), որոնք իրենց սքանչելի ելոյթներով դարձան գեղարուեստական մարմնամարզի մրցանակակիրներ` գրաւելով առաջին դիրքը, իւրաքանչիւրը` իր տարիքային բաժանումին մէջ:
Կը շնորհաւորենք Արինը, Սէրլին եւ իրենց ընտանիքները` մաղթելով նորանոր նուաճումներ: