Երկուշաբթի գիշեր, Անգլիոյ Լայսթըր Սիթի ակումբը շահեցաւ Բ. դասակարգի տիտղոսը` «Չեմփիընշիփ»-ը, երբ 3-0 արդիւնքով յաղթեց Փրեսթընի, այս վերջինիս դաշտին վրայ:
Ճէյմի Վարտի (2) եւ Քէյսի Մաքաթիր նշանակեցին «աղուէսներ»-ուն 3 անպատասխան կոլերը:
Լայսթըր 8-րդ անգամ ըլլալով շահեցաւ Անգլիոյ Բ. դասակարգի ախոյեանութիւնը` բարելաւելով Մանչեսթըր Սիթիի մրցանիշը (7 տիտղոս):
Լայսթըր, որ անցեալ տարեշրջանին ինկած էր Բ. դասակարգ, կրցաւ վերադառնալ 1 տարեշրջանի ժամանակամիջոցին:
Բ. դասակարգէն բարձրանալու երկրորդ տոմսին համար կը պայքարին Լիծ Եունայթըտ, որ 1960-ականներու կէսերէն մօտ 10 տարի Անգլիոյ լաւագոյն ակումբներէն էր, եւ Իփսուիչ Թաուն, որ իր կարգին փայլուն օրեր ունեցած է 1980-ականներուն սկիզբը` շահելով «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի բաժակը 1981-իւն, պարտութեան մատնելէ ետք Ռէալ Մատրիտի, Ա. Սէ. Միլանի, Ինթեր Միլանի, Լացիօ Ռոմայի եւ Պարսելոնայի նման ակումբներ: Իփսուիչ բրիտանական միակ խումբն է, որ իր դաշտին վրայ եւրոպական մրցաշարքի գծով որեւէ մրցում չէ պարտուած: