Հայաստանի բռնցքամարտի տղոց խումբի անդամ Նարեկ Մանասեան այսօր կը պայքարի Եւրոպայի առաջնութեան ախոյեանի կոչման համար:
Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ախոյեանութեան 92 քկ կշիռի կիսաւարտականի մրցումին, Նարեկ Մանասեան պարտութեան մատնեց Ազրպէյճանը ներկայացնող քուպացի մարզիկ Լորեն Ալֆոնսոն:
Աւարտականի մրցումը տեղի կ՛ունենայ այսօր, երբ Նարեկ Մանասեան կը մրցի ռուս բռնցքամարտիկ Մուսլիմ Կաճիմակոմետովի դէմ:
Աւելի կանուխ, աղջկանց մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչներ Անի Յովսէփեան եւ Անուշ Գրիգորեան պրոնզ մետալ շահեցան: Տղոց կազմէն պրոնզ մետալ շահեցան Արթուր Բազեան, Արթուր Սահակեան եւ Արարատ Յարութիւնեան: