Թենիս. Ճոքովիչ Դժուարութեամբ Յաղթեց. Աւանէսեան Յաղթեց Ժենկին
Աշխարհի թիւ 1 թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ, որ կը փորձէ իր ասպարէզի 25-րդ կրան շլեմը ձեռք ձգել, շաբաթ գիշեր մարաթոն մրցումէ մը ետք կրցաւ դուրս ձգել թիւ 30 թենիսմեն Լորենցօ Մուսեթթին` 7-5, 6-7, 2-6, 6-3 եւ 6-0 արդիւնքով: Արդարեւ, Ռոլան Կարոսի հանդիսատեսները, որոնք առաւօտեան ժամը 3:30-ին տուն մեկնեցան, չորս ժամ 32 վայրկեան մրցումէն ետք դեր ունէին Ճոքովիչի յաղթանակին մէջ: 4-րդ սեթին...




















