Հայաստանի Քիոքուշին քարաթէի ազգային խումբը 15 մետալներ կրցաւ շահիլ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի պատանիներու, երիտասարդներու եւ մեծերու 7-րդ ախոյեանութեան մրցումներուն:
Հայաստանի խումբը, որ մասնակցեցաւ ֆետերասիոնի նախագահ Սպարտակ Գասպարեանի գլխաւորութեամբ կրցաւ շահիլ 4 ոսկի, 4 արծաթ եւ 7 պրոնզ մետալներ, Եւրոպայի ախոյեան հռչակուեցան եւ ոսկի մետալներ ստացան Ալեն Յովհաննէսեան Յովհաննէս Մալաջեան, Սարգիս Յարութիւնեան եւ Տիգրան Ալավերտեան:
Արծաթէ մետալներ ստացան Վարդան Ադամեան, Էմիլ Աբրահամեան, Վազգէն Գրիգորեան եւ Մնացական Նահապետեան: Պրոնզէ մետալներ շահեցան Վարազդատ Գասպարեան, Կարէն Յակոբեան, Զոհրապ Մելքոնեան եւ Արարատ Մանուկեան: