Շաբաթավերջին, «Ֆորում տը Պէյրութ»-ի մէջ տեղի ունեցած «Սփորթց Ֆեսթիվըլ»-ին ընթացքին կայացաւ Լիբանանի Ուուշու Սանտայի (չինական բռնցքամարտ) 2024-ի ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայ սեւ գօտիներու միութիւնը` ԱՊՊԱ-ն:
Մարզիչ Գէորգ Չաքմաքճեանի գլխաւորութեամբ ԱՊՊԱ-ի «Թիմ Ուորիըրզ» խումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ եւ շահեցաւ 3 մետալ:
18 տարեկան Կրեկ Մազաքեան շահեցաւ ոսկի մետալ, 19 տարեկան Ենովք Տէր Խաչատուրեան` արծաթ, իսկ 13 տարեկան Զարեհ Գրիգորեան շահեցաւ պրոնզ մետալ: