Այսօր Լոնտոնի մէջ տեղի կ՛ունենայ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտական մրցումը` Ռէալ Մատրիտի եւ Պորուսիա Տորթմունտի միջեւ:
Պորուսիա Տորթմունտ կը նկատուի աութսայտըր` նկատի ունենալով, որ տարեշրջանի սկիզբէն որեւէ մէկուն մտքէն չէր անցներ, թէ այս հանգրուանին կրնայ հասնիլ գերմանական ակումբը:
Ռէալ Մատրիտ այս մրցաշարքի մրցանիշը բարելաւելու մասին կը մտածէ եւ պիտի փորձէ 15-րդ անգամ ըլլալով շահիլ տիտղոսը:
Տորթմունտ նախապէս 1997-ին 3-1 արդիւնքով յաղթած էր Եուվենթուսին` անակնկալ ձեւով դառնալով Եւրոպայի ախոյեան խումբերու բաժակակիր, այժմ` «Չեմփիընզ լիկ»:
2012-2013 տարեշրջանին զուտ գերմանական աւարտականէ մը ետք Տորթմունտ պարտութիւն մը կրած էր Պայերն Միւնիխէն:
Ռէալ Մատրիտ, որ 14 անգամ ախոյեան դարձած է, 3 անգամ պարտութիւններ կրած է աւարտական մրցումին` Պենֆիքայի (1962-ին, 5-3) Ինթեր Միլանի (1964-ին, 3-1) եւ Լիվըրփուլի դէմ (1981-ին, 1-0):
Տորթմունտ թեկնածու չէ այս մրցումը շահելու, ինչպէս էր պարագան կիսաւարտականին` Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ: Տորթմունտ կրցաւ երկու մրցումներուն ալ պարտութեան մատնել ֆրանսական խումբը` 1-0 արդիւնքով եւ հասնիլ աւարտական` 3-րդ անգամ ըլլալով իր պատմութեան մէջ:
«Պունտըսլիկա»-ի մէջ 5-րդ դիրքը գրաւած Տորթմունտ կրնայ ըլլալ ձախող տարեշրջան մը ունեցաւ Գերմանիոյ մէջ, սակայն եւրոպական այս մրցաշարքին տարբեր էին ելոյթները, ուր թաքթիքի հաշիւները տարբեր կ՛ըլլան:
Պարագան նոյնը եղած է այլ տարիներու «Չեմփիընզ լիկ» շահած խումբերու հետ ալ, ինչպէս` Լիվըրփուլը (2005-ին), Չելսին (2012-ին) եւ ինքնին Ռէալ Մատրիտը (1998-ին եւ 2000)-ին:
Տորթմունտի պաշտպան Մաթս Հումելզ եւ յառաջապահ Մարքօ Ռոյս իրենց վերջին մրցումները պիտի ունենան այդ խումբին հետ եւ անոնք միակ մարզիկներն են, որոնք ներկայ էին 2013-ի աւարտականին (Պայերնի դէմ)` յոյսով, որ նոյն այդ մրցումին (Ուեմպլիի մէջ) արդիւնքը այս անգամ ըլլայ ի նպաստ Տորթմունտի անշուշտ:
Միւս կողմէ, Ռէալ Մատրիտ եւ մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի յստակ խաղաոճ չունի եւ ամէն մրցում մէկ ձեւով կը խաղայ: Անոնք ամէն ձեւի կոլեր կը նշանակեն…
Հակայարձակումներ, անհատական ձեւով յարձակումներ, հեռուէն զօրաւոր հարուածներ, գլխու հարուածներ: Պաշտպաններ կոլ կը նշանակեն նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ յառաջապահ գիծի մարզիկներ լաւ օրերու մէջ չէին, կամ ամբողջ խումբը լաւ ֆութպոլ չի կիրարկեր: Ռէալ Մատրիտ որեւէ ձեւով պատրաստ է որեւէ վայրկեանի կոլ նշանակելու: Շատեր կ՛ըսեն բախտ, շատեր կ՛ըսեն անսպասելին սպասելի դարձնող, միշտ անակնկալ փոխանցումներ, օգտուիլ մրցակիցի ամէնէն պզտիկ սխալէն եւ կոլ նշանակել:
Ռէալ Մատրիտի ուքրանացի բերդապահ Անտրէ Լունին հաւանաբար բացակայի մրցումէն` անհանգիստ ըլլալուն պատճառով, եւ հաւանաբար փոխարինուի պելճիքացի Թիպօ Քուրթուայով, որ այս տարեշրջանին միայն 4 մրցում կատարեց վիրաւոր ըլլալուն պատճառով: Ռէալէն պիտի բացակայի Տաւիտ Ալատա (վիրաւոր): Տորթմունտ միակ կասկածելի մարզիկը Սեպասթիան Հալըրն է, որ լաւապէս պատրաստ չէ կռունկի ցաւէ դարմանուելէ ետք:
Հաւանական կազմեր.
ՏՈՐԹՄՈՒՆՏ.- Քոպել – Ռայըրսըն, Հումելզ, Շլոթերպեք, Մաաթսեն-Չան, Սապիցըր, Ատեյեմի, Պրենտթ-Սանչօ, Ֆիւլքրուկ:
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ.- Քուրթուա-Քարվախալ, Նաչօ, Ռուտիկըր, Մենտի-Վալվերտէ, Քրուս, Քամավինկա, Պելինկհամ-Ռոտրիկօ, Վինիսիուս Ճունիոր:


