Մարզական

Սուսերամարտ.  10 Տարեկան Յակոբ Մանուկեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Սուսերամարտ. 10 Տարեկան Յակոբ Մանուկեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Եւրոպայի սուսերամարտի ախոյեանութեան պատանիներու մրցաշարքը, (մինչեւ 14 տարեկան) տեղի ունեցաւ Պուլկարիոյ Շումեն քաղաքին մէջ: Հայաստանի հաւաքականի մարզիչ Գագիկ Յովհաննիսեանի սաներէն ամէնէն յաջող ելոյթը ունեցաւ 10 տարեկան Յակոբ Մանուկեան: Ան 7 յաղթանակ եւ 1 պարտութիւն կրեց` գրաւելով սկզբնական 3-րդ դիրքը: 6 փուլերը աւարտելէ ետք, ընդհանուր դասաւորման մէջ Յակոբ Մանուկեան առաջին դիրքը գրաւեց` դառնալով Եւրոպայի ախոյեան` իրմէ շատ աւելի երէց պատանիներու մէջ:...

Ֆորմիւլա 1.  Սերխիօ Փերես Մինչեւ 2026 Ռետ Պուլի Հետ

Ֆորմիւլա 1. Սերխիօ Փերես Մինչեւ 2026 Ռետ Պուլի Հետ

Մեքսիքացի Սերխիօ Փերես պիտի մնայ Ռետ Պուլի հետ մինչեւ 2026-ի աւարտը` 2 տարի երկարաձգելէ ետք իր պայմանագրութիւնը: 34 տարեկան Փերես 2-րդ դիրքը գրաւած էր 2023-ի Ֆորմիւլա1-ի եղանակի աւարտին` իր խմբակից Մաքս Վերշթափընի ետին, դառնալով Ռետ Պուլի առաջին զոյգը 1-2 դիրքերուն վրայ: Այս յայտարարութիւնը մթնոլորտը քիչ մը նսեմացուց այս շաբաթավերջին Մոնրէալի մէջ տեղի ունենալիք կրան փրիի նախօրեակին` նկատի ունենալով, որ ամիսներէ...

Թենիս.  Սինըր Թիւ 1 Հռչակուեցաւ Մրցում Չխաղցած

Թենիս. Սինըր Թիւ 1 Հռչակուեցաւ Մրցում Չխաղցած

Եաննիք Սինըր դարձաւ աշխարհի թիւ 1 թեմիսմեն, Ռոլան Կարոսի մրցաշարքի իր քառորդ աւարտականի մրցումը չկատարած: Արդարեւ, երբ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, թէ թիւ 1 թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ պիտի չշարունակէ մրցաշարքի իր մասնակցութիւնը ծունկի վնասուածքի պատճառով, ան ինքնաբերաբար դարձաւ թիւ 1 թենիսմեն: Ըստ թենիսի ֆետերասիոնի օրէնքներուն, տարի մը առաջ 1500 շահած կէտերը կը կորսնցնէ նոյն մարզիկը, որ չէ կրցած կրկնել իր յաջողութիւնը 12...

Պենֆիքա 120 Միլիոն Եւրօ Կ՛ուզէ…

Պենֆիքա 120 Միլիոն Եւրօ Կ՛ուզէ…

Եւրոպայի այժմու ամէնէն երիտասարդ եւ աչքառու միջնապահներէն Ժոաօ Նեւեշ, որ մաս կը կազմէ Փորթուգալի Պենֆիքա ակումբին, այս ամառ կրնայ փոխադրուիլ Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»: Փորթուգալեան ակումբը սակայն սակագին որոշած է Նեւեշի համար եւ կը պահանջէ առնուազն 120 միլիոն եւրօ: Մանչեսթըր Եունայթըտ, Արսենալ եւ Մանչեսթըր Սիթի լրջօրէն կը մտածեն ձեռք ձգել Նեւեշը, որ սակայն մինչեւ 2028 պայմանագրութիւն ունի Փորթուգալի մայրաքաղաքի ակումբին հետ:...

Եուրօ 2024.  Անգլիոյ Հաւաքականը Թիւ 1 Թեկնածուն Է

Եուրօ 2024. Անգլիոյ Հաւաքականը Թիւ 1 Թեկնածուն Է

«Օփթա» վիճակագրական գործակալութիւնը Անգլիոյ հաւաքականը կը նկատէ Եուրօ 2024-ի թիւ 1 թեկնածու: «Օփթա»-ն 20 առ հարիւրով կը նախատեսէ Անգլիոյ խումբին յաջողութիւնը, մինչ Ֆրանսա կը գրաւէ 2-րդ դիրքը` 19 առ հարիւրով, ապա Գերմանիա 12 առ հարիւրով` 3-րդ դիրքը: Եւրոպայի 2024-ի ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ 14 յունիսէն սկսեալ Գերմանիոյ մէջ, եւ Անգլիոյ խումբը մաս կը կազմէ Գ. խմբակին: Կարեթ Սաութկէյթի մարզած խումբը մրցակից...

Քիլիան Էմպափէ Վերջապէս Միացաւ Ռէալ Մատրիտին

Քիլիան Էմպափէ Վերջապէս Միացաւ Ռէալ Մատրիտին

Երկուշաբթի գիշեր պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, թէ Ռէալ Մատրիտ ձեռք ձգած է ֆրանսացի աստղ Քիլիան Էմպափէն: Նիւթական ոչ մէկ մանրամասնութիւն յայտարարուեցաւ, եւ տակաւին յստակ չէ, թէ ե՛րբ Էմպափէ պաշտօնապէս պիտի ներկայացուի համակիրներուն, մանաւանդ որ ան այժմ Ֆրանսայի ազգային խումբին հետ է եւ կը պատրաստուի Եուրօ 2024-ին: Յայտարարութիւնը վերջապէս պաշտօնական եղաւ մօտ 2-3 տարի տեւած խօսակցութիւններէ ետք, եւ Էմպափէ, որ քանի մը տարիէ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Վաղը Կը Սկսի Պոսթըն – Տալաս Ճակատումը

«Էն. Պի. Էյ.» Վաղը Կը Սկսի Պոսթըն – Տալաս Ճակատումը

Վաղը գիշեր կը սկսի «Էն. Պի. Էյ.»-ի այս եղանակի աւարտական մրցումներու առաջին ճակատումը` Պոսթըն Սելթիքսի եւ Տալաս Մեւրիքսի միջեւ: Արեւելեան շրջանի ախոյեան Պոսթըն Սելթիքս պիտի փորձէ շահիլ իր 18-րդ տիտղոսը` մրցանիշ հաստատելով եւ դառնալով «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան լաւագոյն խումբը: Ան այժմ 17 տիտղոսով կը հաւասարի Լոս Անճելըս Լէյքըրզի հետ: Միւս կողմէ, Տալաս Մեւրիքս պիտի փորձէ 2011-ի յաղթանակը կրկնել` դառնալով...

Լուքաս Փաքեթա Կրնայ Ցմահ Կախակայուիլ

Լուքաս Փաքեթա Կրնայ Ցմահ Կախակայուիլ

Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը կրնայ ցմահ կախակայել պրազիլցի միջնապահ Լուքաս Փաքեթան` խարդախութեան պատճառով: Անգլիոյ ֆետերասիոնը աւելի կանուխ յայտնած էր, թէ կասկածներ ունէր, թէ Փաքեթա դիտմամբ դեղին քարտեր ստացած է` ազդելով մրցումի արդիւնքներուն վրայ: Անոր դէմ 4 օրէնքի խախտումներ արձանագրուած են Լայսթըրի (2022, նոյեմբերին), Ասթոն Վիլայի (2023-ի մարտին), Լիծի (2023-ի մայիսին) եւ Պորնմաութի (2023-ի օգոստոսին) դէմ մրցումներուն իր ստացած դեղին քարտերուն համար:...

Վինիսիուս Ճունիոր` «Չեմփիընզ Լիկ»-ի  2023-2024-ի Լաւագոյն Մարզիկը

Վինիսիուս Ճունիոր` «Չեմփիընզ Լիկ»-ի 2023-2024-ի Լաւագոյն Մարզիկը

Ռէալ Մատրիտի պրազիլցի յառաջապահ Վինիսիուս Ճունիոր ընտրուեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի 2023-2024 տարեշրջանի լաւագոյն մարզիկը, ըստ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի: 23 տարեկան պրազիլցի յառաջապահը 10 մրցումներու ընթացքին 6 կոլ նշանակեց եւ կատարեց 5 էսիսթ: Ռէալ Մատրիտի հետ «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսը շահած Վինիսիուս աւարտականի մրցումին նշանակած էր Պորուսիա Տորթմունտի դէմ երկրորդ կոլը (2-0): Տորթմունտի զուիցերիացի բերդապահ Կրեկոր Քոպել ընտրուեցաւ մրցաշարքի լաւագոյն բերդապահը: Լաւագոյն...

Հերի Քէյն Շահեցաւ Եւրոպայի «Ոսկի Կօշիկ»-ը

Հերի Քէյն Շահեցաւ Եւրոպայի «Ոսկի Կօշիկ»-ը

Անցեալ շաբաթավերջի մրցումներուն աւարտէն ետք «Եու. Է. Էֆ. Ա.» պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ Պայերն Միւնիխի անգլիացի մարզիկ Հերի Քէյն շահեցաւ այս տարեշրջանի «Ոսկի կօշիկ»-ը` նշանակելով 36 կոլ Պայերն Միւնիխի հետ, 32 մրցումներու ընթացքին: Սերհու Կիրասի (Շթութկարթ) գրաւեց երկրորդ դիրքը` 1 կոլով գերազանցելով Քիլիան Էմպափէն (Փարիզ Սեն Ժերմեն) եւ Էրլինկ Հաալանտը (Մանչեսթըր Սիթի): Ստորեւ` այս տարեշրջանի կոլ-սքորըրներու վերջնական դասաւորումը. 1.- Հերի Քէյն...

Թենիս.  Ճոքովիչ Իր Կրան Շլեմի 370-րդ Մրցումը Յաղթեց Ռոլան Կարոսի Մէջ

Թենիս. Ճոքովիչ Իր Կրան Շլեմի 370-րդ Մրցումը Յաղթեց Ռոլան Կարոսի Մէջ

Նովաք Ճոքովիչ երկուշաբթի գիշեր կռնակին վրայ պառկած կը ցաւէր, մինչ բժիշկը իր ոտքը կը մարձէր` ծունկի ցաւը թեթեւցնելու, 2-րդ սեթի սկիզբը: Հաւանականութիւն կար, որ աշխարհի թիւ 1 թենիսմենը չշարունակէ մրցումը, սակայն քիչ մը աւելի լաւ զգալէ ետք ինքզինք, ան կրցաւ շարունակել արժանթինցի Ֆրանսիսքօ Չերունտոլոյի (թիւ 23) դէմ մրցումը եւ յաջորդաբար 2-րդ մրցումը ըլլալով 4 ժամ 37 (5 վայրկեան աւելի նախկինէն)...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 2 Կէտով Պարտուեցաւ Մութթահետէն

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 2 Կէտով Պարտուեցաւ Մութթահետէն

Կիրակի գիշեր շատ հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի աղջկանց խումբը 2 կէտով պարտութիւն մը կրեց վերջին երկվայրկեաններուն, Մութթահետի դէմ Լիբանանի պասքեթպոլի Բ. դասակարգի Ա. խմբակին գծով մրցումի մը: Առաջին մասին ետ մնալէ ետք 1 կէտով (11-12), ՀՄԸՄ կրցաւ 1 կէտի առաւելութեամբ յաղթական մտնել կիսախաղ (22-21): 3-րդ մասին 35-30 արդիւնքով յառաջացած ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի աղջիկները 20 կէտ ստացան վերջին...

Ազգային Խումբերու Բարեկամական Մրցումներ.  Այսօր` Սլովենիա – Հայաստան

Ազգային Խումբերու Բարեկամական Մրցումներ. Այսօր` Սլովենիա – Հայաստան

Այսօր Հայաստանի ազգային խումբը ժամը 19:00-ին Սթոյիչէի մէջ պիտի մրցի Սլովանիոյ ազգային խումբին դէմ, բարեկամական մրցումի մը գծով: Հայաստանի ազգային խումբը երէկ մեկնեցաւ Լիուպլիանա եւ մրցումէն ետք պիտի վերադառնայ Երեւան, ուրբաթ օր այլ բարեկամական մրցումի մը` Ղազախստանի դէմ մրցելու: Հայաստանի հաւաքականը Սլովենիա մեկնեցաւ հետեւեալ կազմով. ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Օկնյեն Չանչարեւիչ (Նոա), Արսէն Բեգլարեան (Արարատ - Արմենիա) եւ Սթանիսլաւ Պուչնեւ (Փիւնիկ): ՅԵՏՍԱՊԱՀՆԵՐ.- Վարազդատ...

Բռնցքամարտ.  Դաւիթ Չալոյեան Պիտի Մասնակցի Փարիզի Ողիմպիականին

Բռնցքամարտ. Դաւիթ Չալոյեան Պիտի Մասնակցի Փարիզի Ողիմպիականին

Պանքոքի մէջ տեղի ունեցած բռնցքամարտի միջազգային վերջին զտումի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Դաւիթ Չալոյեան շահեցաւ աւարտական մրցումին եւ իրաւունք ստացաւ մասնակցելու 2024-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն: 27 տարեկան Դաւիթ Չալոյեան, որ 92 քկ կշիռի մրցումներուն կը մասնակցէր, երեք յաղթանակներ արձանագրեց Պահրէյնի ներկայացուցիչ Տենիս Լաթիփովի, Իրանի ներկայացուցիչ Ռուզպեհ Սաֆարիի, իսկ աւարտականին` իրլանտացի Մարթին Մաքտոնակիի դէմ: Այս ձեւով Հայաստան, 2024-ի ողիմպիական խաղերուն, բռնցքամարտի մրցումներուն...

Լեկանես Բարձրացաւ «Լա Լիկա 1»

Լեկանես Բարձրացաւ «Լա Լիկա 1»

Շաբաթավերջին վերջ գտաւ Սպանիոյ «Լա լիկա» 2»-ն, եւ ախոյեան դարձաւ Լեկանես` 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Էլչէին: Միկել տը լա Ֆուենթէ (10-րդ) եւ Խուան Քրուս (45-րդ) նշանակեցին ախոյեան Լեկանեսի կոլերը: Վայատոլիտ նախապէս շահած էր «Լա լիկա 1» բարձրանալու իր տոմսը, բայց պարտութիւն մը կրեց Թեներիֆէի դէմ իր վերջին մրցումին (2-1): 3-րդ բարձրացող խումբի համար փլէյ օֆի մրցումներ պիտի կատարուին Էյպարի (71...

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի Աւարտականին  Մասին Մամլոյ Անդրադարձներ

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի Աւարտականին Մասին Մամլոյ Անդրադարձներ

Պորուսիա Տորթմունտ 60 վայրկեաններու ընթացքին աւելի լաւ էր, քան Ռէալ Մատրիտ, բայց կոլ չկրցաւ նշանակել «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտականին: Ընդհանուր զգացում մը կայ, որ «Չեմփիընզ լիկ»-ը Ռէալ Մատրիտի համար է: Շատեր ձանձրանալու սկսած են, բացի Ռէալի համակիրներէն, որոնք կը հետաքրքրուին, թէ ի՛նչ գրած են միջազգային թերթերը... ԱՆԳԼԻԱ «Տէյլի Մէյլ».- Մատրիտ կը մագլցի քաոսէն վեր: Մրցումէն առաջ համակիրներ կը փորձէին դաշտ խուժել...

Թենիս.  Մետվետեւ Եւ Աւանէսեան Դուրս Մնացին

Թենիս. Մետվետեւ Եւ Աւանէսեան Դուրս Մնացին

Երէկ շարունակուեցաւ Ռոլան Կարոսի մրցաշարքը, որուն ընթացքին թիւ 5 դասուած Տանիլ Մետվետեւ 2 ժամ 46 վայրկեան պայքարէ ետք պարտութիւն մը կրեց թիւ 11 Ալեքս Տը Մինաուրէն` 4-6, 6-2, 6-1 եւ 6-3 արդիւնքով: Եաննիք Սինըր (թիւ 2) սեթ մը կորսնցնելէ ետք կրցաւ ինքզինք գտնել եւ դուրս ձգել ֆրանսացի Քորենթեն Մութէն` 2-6, 6-3, 6-2 եւ 6-1 արդիւնքով: Պուլկարացի Կրիկոր Տիմիթրով (թիւ 10)...

Ուասլ.  Ռիատի Դժուարութեամբ Յաղթեց Սաժեսի

Ուասլ. Ռիատի Դժուարութեամբ Յաղթեց Սաժեսի

Շաբաթ օր Տոհայի մէջ տեղի ունեցաւ պասքեթպոլի բարձր մակարդակի մրցում մը` Ուասլի աւարտական հանգրուանի աւարտական մրցումին, ուր Ռիատի կրցաւ դժուարութեամբ պարտութեան մատնել Սաժեսը, յետ երկարաձգման: Մրցումը շատ սովորական սկսաւ, եւ առաջին մասին Ռիատի 24-11 արդիւնքով կը յառաջանար: 2-րդ մասը հազիւ սկսած, Ռիատիի ամերիկացի մարզիկ Ճոնաթըն Սիմընզ վիրաւորուեցաւ, բան մը, որ բաւական ազդեց Ռիատիի վրայ: Ճիշդ է, որ Ռիատի 1 մարզիկի...

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Աւարտականն Հանգրուան.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Շեքքա Առաջին Մրցումին

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Պարտութիւն Կրեց Եւ Չկրցաւ Բարձրանալ Գ. Դասակարգ

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ մօտ 8 ամիսներէ ի վեր կը պայքարէր բարձրանալու Գ. դասակարգ եւ բաւական յաջող ելոյթներէ ետք գլխաւոր թեկնածուներէն էր, շաբաթ օր հիւսիսային Լիբանանի Անսար Մաուատա ակումբին դէմ Սաֆայի դաշտին վրայ ունէր վճռական մրցում մը, որ սակայն վերջ գտաւ մրցակիցին յաղթանակով` 2-1 արդիւնքով: Մրցումին առաջին վայրկեանին կոլ ստանալէ ետք, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը, որոնք  բաւական կորսուած վիճակ մը...

Ըմբշամարտ.  Հայաստանի Ըմբիշները Մետալներ Շահեցան

Ըմբշամարտ. Հայաստանի Ըմբիշները Մետալներ Շահեցան

Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Բենուր Փաշայեանի անուան միջազգային 5-րդ մրցաշարքը: Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնի մամլոյ ծառայութիւնը ներկայացուց արձանագրուած արդիւնքները` հետեւեալ ձեւով. 55 ՔԿ 1.- Մոհամետ Հոսեինիվանդ (Իրան) ոսկի 2.- Ռամա Սիլագաւա (Վրաստան) արծաթ 3.- Մաքսիմ Ստուպակեւիչ (Պիելոռուսիա) պրոնզ եւ Գառնիկ Յովհաննէսեան (Հայաստան) պրոնզ 60 ՔԿ 1.- Պույա Նասերիուր (Իրան) 2.- Գէորգ Ղարիբեան (Հայաստան) 3.- Սուրէն Աղաջանեան (Հայաստան) եւ Աշիրի Մոհամետ (Իրան)...

Page 205 of 1281 1 … 204 205 206 … 1,281

Արխիւներ