Այսօր յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Սաֆայի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ ճակատագրական մրցում մը ունի կատարելիք Անսար Մաուատտայի դէմ:
Հիւսիսային Լիբանանի փոխախոյեան Անսար Մաուատտա դժուար մրցակից մըն է, բայց ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը միշտ ցոյց տուած են, թէ աւելի լաւ ֆութպոլ կը ցուցադրեն զօրաւոր մրցակիցներու դէմ, որոնք օրինաւոր ֆութպոլ կը խաղան:
Կարեւոր է քիչ մը կարծր ֆութպոլ խաղալ, պայքարիլ, ֆիզիքական ներկայութիւն փաստել դաշտին վրայ, շահիլ գնդակի վրայ պայքարներ եւ առիթները կոլի վերածել:
Շատ կ՛օգնէ նաեւ համակիրի ներկայութիւնը թրիպիւններուն վրայ:
Անոնք իրենց քաջալերանքով կրնան օժանդակել եւ անպայման կ՛օգնեն տղոց, որ աւելի ոգեւորուած խաղան եւ մրցումի աւարտին խումբին հետ տօնեն Գ. դասակարգ բարձրանալու իրաւունքը` առանց սպասելու վերջին մրցումին:
Փոխադրակառքեր ապահովուած են համակիրները փոխադրելու դաշտ, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրէն, Ռաուտայէն, Ֆանարէն, «Զաւարեան» դաշտէն, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի հրապարակէն, ժամը 2:45-էն սկսեալ:


