Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի առաջնութեան վերջին հանգրուանին Փիւնիկ շահեցաւ ախոյեանի տիտղոսը` պարտութեան մատնելէ ետք Շիրակը 1-0 արդիւնքով:
Արտակ Տաշեան 54-րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումին միակ կոլը: Միեւնոյն ժամանակ, Փիւնիկի մրցակից Նոան 3-1 արդիւնքով յաղթեց Ուեսթ Արմենիա խումբին, բայց մնաց Բ. դիրքի վրայ:
Փիւնիկ 1992-ին հիմնուած էր ՀՄԸՄ Երեւան անունով եւ ախոյեան դարձած նոյն տարին: 1995-ին անունը փոխուելէ ետք Փիւնիկի վերածուեցաւ եւ անգամ մը եւս դարձաւ ախոյեան 1995-1996 տարեշրջանին` որեւէ պարտութիւն չկրելով (59 մրցում):
1996-1997 տարեշրջանին Փիւնիկ նուաճեց իր 3-րդ ախոյեանութիւնը, ապա 2001-էն 2010 յաջորդական 10 ախոյեանութեան տիտղոս, ապա 2014-2015, 2021-2022 եւ այս տարեշրջանի ախոյեանութիւնը:
16 տիտղոսներու կողքին Փիւնիկ 8 անգամ շահած է Հայաստանի բաժակի մրցաշարքը, ինչպէս նաեւ 10 անգամ` Հայաստանի գերբաժակը:
Ախոյեանութեան լաւագոյն կոլ-սքորըրի տիտղոսը շահեցաւ Արթուր Միրանեան, որ նշանակեց 14 կոլ Նոայի հետ: Ան դարձաւ Նոայի պատմութեան լաւագոյն ռմբարկուն եւ վերջին 17 ախոյեանութիւններուն ամէնէն շատ կոլ նշանակող մարզիկը: Վերջին անգամ Արամ Յակոբեան 2006-ին 25 կոլ նշանակած էր Բանանցի հետ: