Ճատրակի կրանտմասթըր Կարէն Գրիգորեան շահեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած 11-րդ «Չերի պլոսըմ Քլասիք» մրցաշարքը:
29 տարեկան Գրիգորեան 9 կարելի կէտերէն 7-1 շահեցաւ եւ գրաւեց առաջին դիրքը` 52 մասնակիցներու մասնակցութեամբ:
Մրցաշարքին մասնակցեցաւ նաեւ միջազգային վարպետ Աննա Սարգսեան, որ 5,5 կէտ շահելով գրաւեց 7-րդ դիրքը: