Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասկարգի երթի իր երկրորդ մրցումին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 36-30 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Ռիատիի ակադեմիայի դաշտէն (Ժընահ):
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ իր առաջին մրցումին պարտութիւն մը կրած էր Սփորթինկ Պքեննայա խումբէն, կրցաւ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրել Աուֆիաա Ռիատիի դէմ:
Այս կիրակի, երթի 3-րդ եւ վերջին մրցումին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Մըզհերի «Աղբալեան ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Թրիփոլիի Մութթահետը, ժամը 20:00-ին: