Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆութպոլի Կարճ Լուրեր

Մայիս 31, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՅԵՐՆ Միւնիխի նոր նշանակուած մարզիչ Վենան Քոմփանի (Պելճիքա) յայտնեց, որ ոչ մէկ բան պիտի փոխէ իր խաղաոճէն, որ կը կիրարկէր Պըրնլիի հետ:

Պըրնլի, որ յարձակողական ֆութպոլ կը խաղար, ձեւով մը խոցելի էր մանաւանդ պաշտպանողական գիծի վրայ, եւ այդ պատճառով ալ խումբը «Փրեմիեր լիկ» բարձրանալէ տարի մը ետք վերստին իջաւ Ա. դասակարգ (Անգլիոյ Բ. դասակարգը): Քոմփանի այժմ կը յուսայ, որ իր միտքերը կրնան լաւ ձեւով իրագործել Պայերն Միւնիխի մարզիկները: «Կ՛ուզեմ, որ Պայերնի մարզիկները ըլլան քաջ, պայքարի ոգի ցոյց տան դաշտին վրայ: Իմ բնազդս է պայքարիլը, եւ խումբէն կ՛ուզեմ այդ պայքարը եւ կարծր ֆութպոլ կիրարկելը»:

Միւս կողմէ, Պայերն Միւնիխի նախկին մարզիչներէն Հանս Միթըր Ֆլիք, որ միացաւ Պարսելոնայի Ձաւի Հերնանտեսի պաշտօնանկ ըլլալէն ետք պիտի փորձէ սպանական կազմին հետ տիտղոսներ շահիլ, ինչպէս պատահեցաւ 2019-2020 տարեշրջանին Պայերն Միւնխի հետ` 6 տիտղոս շահելով:

Մնալով մարզիչներու լուրերուն հետ, Չելսի պաշտօնանկ ըրած էր Մաուրիցիօ Փոչեթինոն եւ փոխարինած զայն Էնզօ Մարեսքայով: Մարեսքա, որ Փեփ Կուարտիոլայի օգնականն էր, 5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Չելսիի հետ` լքելով Լայսթըրը, որուն հետ վերջերս խումբը բարձրացած էր «Փրիեմիեր Լիկ»:

ՖՐԱՆՍԱՑԻ արագավազ Քիլիան Էմպափէ` վերջերս գնած է կալեսցի ֆութպոլիստ Կարեթ Պէյլի տունը` Մատրիտի մէջ: Ըստ երեւոյթին, մօտ օրէն պաշտօնական ձեւով Էմպափէ պիտի միանայ Ռէալ Մատրիտին, մանաւանդ որ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն ակումբը յայտնած է, թէ որեւէ հարց չունի, եթէ Էմպափէ կ՛ուզէ այժմէն յայտարարել Մատրիտին միանալու լուրը եւ ոչ թէ Եուրօ 2024-ին մրցաշարքէն ետք:

ՓՈՐԹՈՒԳԱԼՑԻ պատմական ֆութպոլիստ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ ըստ երեւոյթին պիտի երկարաձգէ Սէուտական Արաբիոյ Նասր ակումբին հետ իր պայմանագրութիւնը:

Ռոնալտօ Նասրի հետ 47 մրցում կատարած է եւ նշանակած 49 կոլ, 2023-ի սկիզբէն:

39 տարեկան «երիտասարդ Ռոնալտօ կը փաստէ, որ տարիքը միայն թիւ է, եւ տակաւին բարձր մակարդակի ֆութպոլ կը խաղայ: Ան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Եուրօ 2024-ի մրցաշարքին: Ան 206 մրցումներ կատարած է Փորթուգալի հետ` նշանակելով 128 կոլ 2003-էն ի վեր:

 

Նախորդը

Տեղի Ունեցաւ Մհեր Ջուլհաճեանի Անուան Այս Տարուան Շարադրական Մրցանքը

Յաջորդը

Թենիս. Ճոքովիչ Հասաւ 1/16-րդ Աւարտական

RelatedPosts

Արթուր Միրանեան Նշանակեց «Իրոնի»-ի Դէմ Յաղթանակի Կոլը
Մարզական

Արթուր Միրանեան Նշանակեց «Իրոնի»-ի Դէմ Յաղթանակի Կոլը

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Ֆորմիւլա 1».  Վերշթափըն Շահեցաւ Միացեալ Նահանգներու Կրան Փրին
Մարզական

«Ֆորմիւլա 1». Վերշթափըն Շահեցաւ Միացեալ Նահանգներու Կրան Փրին

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Եու. Է. Էֆ. Ա.».  Օրէնքները Կրնան Փոխուիլ` Աւելի Հետաքրքրական Դարձնելու Զտումի Մրցումները
Մարզական

«Եու. Է. Էֆ. Ա.». Օրէնքները Կրնան Փոխուիլ` Աւելի Հետաքրքրական Դարձնելու Զտումի Մրցումները

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?