Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի անդամ Արթուր Աւետիսեան դարձաւ «Ուորլտ Չելենճ Քափ»-ի մրցաշարքի ախոյեան:
Աւարտին Վառնայի մէջ (Պուլկարիա) տեղի ունեցած միջազգային մարմնամարզութեան մրցաշարքին, Արթուր Աւետիսեան ոսկի մետալ շահեցաւ օղակներու վարժութեան մրցումին` ձեռք ձգելով 14.500 կէտ, աւարտական մրցումին:
Հայաստանի հաւաքականի 4 ներկայացուցիչներն ալ հասած էին աւարտական հանգրուան:
Օղակներու վարժութեան մրցումներուն, Արթուր Թովմասեան 6-րդ դիրքը գրաւեց` ձեռք ձգելով 13.766 կէտ:
Թոքիոյի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Արթուր Դաւիթեան նժոյգի ձեւի մրցումներուն, 14.266 կէտ հաւաքեց` գրաւելով 4-րդ դիրքը:
Հայաստանի 4-րդ ներկայացուցիչը` Էրիք Պաղտասարեան, որ զուգափայտի երիտասարդներու Եւրոպայի ախոյեանն է, յենացատկի աւարտականին, 12.966 կէտ հաւաքեց եւ գրաւեց 8-րդ դիրքը: