Սպանիոյ մայրաքաղաք Ռէալ Մատրիտ շաբաթ գիշեր Ուեմպլիի դաշտին վրայ (Լոնտոն, Անգլիա) 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պորուսիա Տորթմունտը եւ շահեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ը` 15-րդ անգամ ըլլալով:
Ռէալ Մատրիտ, որ աւարտական մրցում չէր կորսնցուցած 41 տարիէ ի վեր (1983-ին Լիվըրփուլի դէմ վերջին անգամ), քանի մը անգամ վերջին երկվայրկեանին կրցաւ փրկուիլ Տորթմունտի ստոյգ առիթներէն:
Տորթմունտ մանաւանդ մրցումի առաջին կիսախաղին շատ աւելի լաւ էր, քան Ռէալ Մատրիտը, բայց չկրցաւ ստեղծուած առիթները կոլի վերածել, եւ այդպիսի առիթներ, մանաւանդ Ռէալ Մատրիտի դէմ, շատ «սուղի կը նային»: 74-րդ վայրկեանին Թոնի Քրուսի քոռնըրէն ետք, Տանի Քարվախալ գլխու հարուածով նշանակեց Ռէալի առաջին կոլը, 83-րդ վայրկեանին Ճուտ Պելինկհամի փոխանցումին վրայ Վինիսիուս Ճունիոր նշանակեց 2-րդ կոլը: Տորթմունտ կրցաւ գնդակը զետեղել Ռէալի բերդին մէջ 87-րդ վայրկեանին, սակայն Ֆիւլքրուկի կոլը չեղեալ նկատուեցաւ, որովհետեւ յարձակումի պատրաստութեան ժամանակ օֆսայտի վրայ մարզիկ մը կար:
Այս ձեւով Ռէալ Մատրիտ բաժակ մը եւս աւելցուց իր հսկայ պահեստարանին մէջ, մինչ գերմանացի միջնապահ Թոնի Քրուս իր ակումբի ասպարէզը լաւ ձեւով փակեց` շահելով իր ասպարէզի 6-րդ «Չեմփիընզ լիկ»-ը (5 հատը` Ռէալի հետ):
Ռէալ Մատրիտի յաղթանակէն օգտուեցաւ նաեւ Շախթիոր Տոնեցք, որ իրաւունք ստացաւ մասնակցելու յառաջիկայ տարեշրջանի նոր ձեւի «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքին, որուն պիտի մասնակցին 36 ակումբներ` բաժնուելով 4 խմբակներու, ուր պիտի մրցին 8 տարբեր խումբերու դէմ (յառաջիկայ օրերուն կը բացատրենք նոր դրութիւնը` աւելի մանրամասն):
Տորթմունտի պարտութիւնն ալ վատ եղաւ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի համար, որ այժմ պիտի մասնակցի «Եուրոփա լիկ»-ի մրցաշարքին, զոր շահած էր 2022-ին:


