Վաղը յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Սաֆայի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ ճակատագրական մրցում մը պիտի ունենայ Անսար Մաուատտայի դէմ:
Գ. դասակարգ բարձրանալու վերջին արգելքը վաղուան մրցումն է, աւելի ճիշդը` Անսար Մաուատտան է:
Համակիրները որքան շատ ըլլան, կրնան ողողել դաշտը, ճնշելով մրցակիցին վրայ եւ օգնելով ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի տղոց դառնալով 12-րդ մարզիկը մրցումի մը, որուն անպայման պէտք է յաղթել` բարձրանալու 3-րդ դասակարգ:
2014-ին նոյն դաշտին վրայ (19 ապրիլին) ՀՄԸՄ Պէյրութ կրցած էր Բ. դասակարգ բարձրանալ, իսկ վաղը ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղոց առիթն է Սաֆայի դաշտը դարձնելու Գ. դասակարգ բարձրանալու բեմը:
Համակիրներէն կը սպասուի ներկայ ըլլալ մրցումին, մանաւանդ որ զանազան շրջաններէն փոխադրակառքեր տրամադրած են փոխադրելու զանոնք:
Այնճարէն, Ժըտէյտիէն, Մըզհերէն, Ռաուտայէն եւ Պուրճ Համուտի հրապարակէն ժամը 2:00-էն սկսեալ փոխադրակառքեր պիտի փոխադրեն համակիրները` Սաֆայի դաշտ: