Մարզական

Հեծելարշաւ.  Փոկաչար Շահեցաւ Ֆրանսայի Շրջավազքը

Հեծելարշաւ. Փոկաչար Շահեցաւ Ֆրանսայի Շրջավազքը

1998-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Ֆրանսայի շրջավազքը եւ Ժիրօ Տ՛Իթալիան նոյն մարզիկը շահեցաւ: Այս տարուան ախոյեան դարձաւ սլովենիացի Թատէյ Փոկաչար, որ անցեալ մայիսին շահած էր նաեւ Ժիրօ Տ՛Իթալիան, կրկնելով իտալացի Մարքօ Փանթանիին (1998) իրագործումը: Ֆրանսայի շրջավազքը (Թուր տը Ֆրանս), որ Ժիրոյի (Իտալիա) նման 21 հանգրուաններէ կը բաղկանայ, վերջ գտաւ կիրակի օր Փոկաչարի յաղթանակով: Ան վերջին 5 տարիներուն 3-րդ անգամ...

ՖԻՖԱ Ակումբներու Մոնտիալ.  Միացեալ Նահանգներ Պիտի Հիւրընկալէ 21-րդ Մրցաշարքը

ՖԻՖԱ Ակումբներու Մոնտիալ. Միացեալ Նահանգներ Պիտի Հիւրընկալէ 21-րդ Մրցաշարքը

11 ամիս ետք Միացեալ Նահանգներ պիտի հիւրընկալեն ՖԻՖԱ-ի ակումբներու մոնտիալը իր նոր դրութեամբ` մասնակցութեամբ 32 ակումբներու, առաջին անգամ ըլլալով: Նախապէս միջցամաքամասային բաժակի մրցաշարք տեղի կ՛ունենար ցամաքամասերու ախոյեաններու կազմակերպութեամբ 2000-էն ի վեր, սակայն սփոնսըրներու անյարմարութեան պատճառով, 2001-էն 2004 տեղի չունեցաւ այս մրցաշարքը: 2005-էն ետք վերսկսաւ մրցաշարքը, որ ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենար Ասիոյ եւ Ափրիկէի մէջ: Վերջին մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ...

Եուրօ Պասքեթպոլ.  Հայաստան – Ազրպէյճան` 71-61

Եուրօ Պասքեթպոլ. Հայաստան – Ազրպէյճան` 71-61

Ռումանիոյ մէջ տեղի ունեցող Եուրօ պասքեթպոլի 20 տարեկանէն վար Բ. դասակարգի մրցումներուն, Հայաստան գրաւեց 19-րդ դիրքը, պարտութեան մատնելէ ետք Ազրպէյճանը` 71-61 արդիւնքով: Հայաստան 2 կէտի առաւելութիւն ունեցաւ առաջին մասին, իսկ երկրորդ մասին 13-13 արդիւնքով աւարտելէ ետք, 3-րդ մասին 5 եւ 4-րդ մասին 3 կէտի առաւելութիւն ունենալով յաղթեց ազրպէյճանցի երիտասարդներուն: Արայիկ Գէորգեան (17 կէտ), Էրիք Քարախանեան (16 կէտ) եւ Եուրա Մելիքեան...

Էմպափէ «Լա Լիկա»-ի Նոր Աստղն Է, Բայց Ամէնէն Շատ Վարձատրուողը Չէ

Էմպափէ «Լա Լիկա»-ի Նոր Աստղն Է, Բայց Ամէնէն Շատ Վարձատրուողը Չէ

Քիլիան Էմպափէ քանի մը օր առաջ միացաւ Սպանիոյ «հսկայ» Ռէալ Մատրիտին, բայց ըստ վերջին հետազօտութիւններուն, ան ամէնէն բարձր վճարուող մարզիկը չէ: Պարսելոնայի միջնապահ Ֆրենքի Տը Եոնկ, որ վերջին Եուրոյին չկրցաւ մասնակցիլ Նետերլանտներու հետ` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով, ամէնէն շատ վճարուող մարզիկն է «Լա լիկա»-ի մէջ: Ան 2019-էն մաս կը կազմէ Պարսելոնային եւ 5 եղանակներէ ետք ան ընդամէնը 151 մրցում կատարած է...

Ֆորմիւլա 1.  Փիասթրի Իր Ասպարէզի Առաջին Նուէրը Ստացաւ` Շահելով Հունգարիոյ Կրան Փրին

Ֆորմիւլա 1. Փիասթրի Իր Ասպարէզի Առաջին Նուէրը Ստացաւ` Շահելով Հունգարիոյ Կրան Փրին

Երէկ աւստրալիացի Օսքար Փիասթրի շահեցաւ իր ասպարէզի առաջին մրցումը` Հունգարիոյ կրան փրին, երբ իր խմբակից Լանտօ Նորիսին «առաջարկուեցաւ» առաջին դիրքը զիջիլ իրեն: Վերջին 10 շրջաններուն, մէկէ աւելի առիթներով Մաքլարենի խումբը Նորիսին առաջարկեց իր դիրքը զիջիլ Բ. դիրքը գրաւող իր խմբակիցին` իբրեւ թէ աւելի լաւ անիւ ունենալուն եւ խմբային յաջողութեան համար: Նորիս նախ չընդառաջեց «առաջարկներուն», սակայն 68-րդ շրջանին, երբ տակաւին երկու...

Գերմանիոյ «Հսկան»` Պայերն Միւնիխ, Ճի՞շդ, Թէ՞ Սխալ Ճամբու Վրայ

Գերմանիոյ «Հսկան»` Պայերն Միւնիխ, Ճի՞շդ, Թէ՞ Սխալ Ճամբու Վրայ

Անցեալ եղանակին Գերմանիոյ ֆութպոլի «հսկայ» Պայերն Միւնիխը բաւական ձախող ելոյթներով աւարտեց տարեշրջան մը, ուր որեւէ տիտղոս չկրցաւ շահիլ: Շատերու համար անիկա պատմութեան ամէնէն սեւ էջերէն մէկն էր, սակայն որքան ալ այդպէս ըլլար, վստահաբար 1991-1992 տարեշրջաին նման չէր, ուր Եուփ Հայնքես սկսած էր եղանակը, ապա փոխարինուած Սէօրեն Լերպիով, ապա Էտիչ Ռիպեքով: Խումբը գրաւած էր 10-րդ դիրքը. բաժակի մրցաշարքի երկրորդ հանգրուանին դուրս...

ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում. Արժանթին Մնաց Առաջին. Հայաստան 1 Դիրք Նահանջեց. Լիբանան 1 Դիրք Բարձրացաւ

ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում. Արժանթին Մնաց Առաջին. Հայաստան 1 Դիրք Նահանջեց. Լիբանան 1 Դիրք Բարձրացաւ

ՖԻՖԱ-ն այս շաբաթ իր պաշտօնական էջին վրայ հրապարակած է ազգային խումբերու այս ամսուան դասաւորումը, ուր Եւրոպայի ախոյեան Սպանիա 5 դիրքով բարելաւած է իր դիրքը եւ այժմ կը գրաւէ 3-րդ դիրքը` առաջին դիրքը գրաւող Քոփա Ամերիքայի ախոյեան Արժանթինի (1) եւ Ֆրանսայի (2) ետին: Հայաստան 1 դիրքով նահանջած է 96-րդէն 97-րդ, մինչ Լիբանան այժմ կը գրաւէ 116-րդ դիրքը` 1 դիրքով բարելաւելով իր...

«Էն. Պի. Էյ.»  Փոլ Ճորճ Պիտի Միանայ Ֆիլատելֆիային

«Էն. Պի. Էյ.» Փոլ Ճորճ Պիտի Միանայ Ֆիլատելֆիային

Ըստ «Էն. Պի. Էյ.»-ի ներքին աղբիւրներուն, «Էն. Պի. Էյ.»-ի աստղերէն Փոլ Ճորճ, որ ազատ մարզիկ է այժմ, համաձայնած է միանալու իր ընկերոջ` Ժոել Էմպիիտի, Ֆիլատելֆիա 76-ըրզի հետ: Փոլ Ճորճ, որ այժմ 34 տարեկան վեթերան է եւ 2019-էն ի վեր Արեւմտեան շրջանի Լոս Անճելըս Քլիփըրզի մարզիկ էր, կը նկատուի «Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն մարզիկներէն եւ 2013-էն ի վեր 9 անգամ մասնակցած...

Ֆորմիւլա 1.  Վաղը` Հունգարիոյ Կրան Փրին

Ֆորմիւլա 1. Վաղը` Հունգարիոյ Կրան Փրին

Վաղը յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին տեղի պիտի ունենայ այս տարեշրջանի 13-րդ կրան փրին` Հունգարիոյ մէջ: Հունկարորինկը կը նկատուի ամէնէն դժուար մրցումներէն մէկը, ուր վարորդներուն բաւական դժուար է իրար գերազանցելը, շրջավազքի նեղ ճամբաներուն պատճառով: Հունկարորինկը կը նմանի Մոնաքոյին` առանց պատերուն, ուր վարորդներուն վարպետութիւնը եւ ինքնաշարժին արագութիւնը մեծ դեր ունի: Շատ կարեւոր դեր ունի նաեւ անիւ փոխելու (փիթ սթոփի) փլենը: Ասիկա փաստած էր...

«Քոնֆըրընսի Լիկա».  Նոա Եւ Ուրարտու Յաղթեցին

«Քոնֆըրընսի Լիկա». Նոա Եւ Ուրարտու Յաղթեցին

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած «Քոնֆըրընսի լիկա»-ի զտումի մրցումներու առաջին հանգրուանի դարձի մրցումներուն յաղթելէ ետք, Նոա եւ Ուրարտու հասան Բ. հանգրուան: Նոա, որ երթին 2-0 արդիւնքով յաղթած էր հիւսիսային Մակեդոնիայի Շքենիա խումբին, կրցաւ մրցակիցի դաշտին վրայ Ա. կիսախաղին կոլ մը նշանակել` շնորհիւ պաշտպան Ալեքսանտըր Միլքովիչի, որ օգտուելով Կոռ Մանուէլեանի փոխանցումէն, բացաւ մրցումին հաշիւը: Երթին ալ սերպ Միլքովիչ կրցած էր նշանակել...

Ճատրակ.  ՀՄԸՄ Անթիլիասի Պատանիները Պատուաբեր Արդիւնքներ Արձանագրեցին

Ճատրակ. ՀՄԸՄ Անթիլիասի Պատանիները Պատուաբեր Արդիւնքներ Արձանագրեցին

Անցեալ շաբաթավերջին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի ճատրակի մարզիկները մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի կազմակերպած ճատրակի տարիքային մրցաշարքին` արձանագրելով պատուաբեր արդիւնքներ: 10 տարեկանէն վար աղջկանց մրցումներուն, Սօսէ Սէփէթճեան գրաւեց առաջին դիրքը, մինչ Նայիրի Նիւրփենտեան յաջորդեց զինք` գրաւելով 2-րդ դիրքը: Տղոց 10 տարեկանէն վար մրցումներուն Բ. դիրքը գրաւեց ՀՄԸՄ Անթիլիասէն Ճիօ Խուրի, իսկ 12 տարեկանէն վար աղջկանց մրցումներուն Լիտիա Հաժ գրաւեց 2-րդ դիրքը:

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիասի Աղջիկները Կը Պատրաստուին

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիասի Աղջիկները Կը Պատրաստուին

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան 2023-2024 տարեշրջանի 3-րդ դիրքը գրաւող ՀՄԸՄ Անթիլիաս արդէն իսկ սկսած է պատրաստուիլ յառաջիկայ տարեշրջանին համար: Մարզիչ Ժորժ «Տոտի» Տաղեր երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը եւ պիտի մնայ ՀՄԸՄ Անթիլիասի հետ: Արամ Աբրահամեան պիտի ըլլայ օգնական մարզիչը` մնալով իր պաշտօնին վրայ: Խումբին հովանաւորը անգամ մը եւս պիտի ըլլայ «Փըրֆորմընս Հելթ Քլապ» ակումբը, ուր ֆիզիքականի եւ վարժութեան մարզիչ Քրիս Մուժապերի...

Ճատրակ.  Էրիք Գասպարեան` Ախոյեան

Ճատրակ. Էրիք Գասպարեան` Ախոյեան

ՖԻՏԷ-ի վարպետ Էրիք Գասպարեան Վրաստանի մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքի արագ ճատրակի ախոյեան դարձաւ: Պաթումի քաղաքապետարանին կազմակերպած 8-րդ միջազգային մրցաշարքին ան 9 կարելի կէտերէն 8,5 կէտ շահեցաւ: 3-րդ դիրքը գրաւեց ՖԻՏԷ-ի վարպետ Սարգիս Մանուկեան, որ 7,5 կէտ ձեռք ձգեց: Մրցանակակիրներու շարքին էր նաեւ Նարեկ Ղիմոյեան, որ 7 կէտ հաւաքելով 6-րդ դիրքը գրաւեց: 14 տարեկանէն վար պատանիներու մրցումներուն, 6,5 կէտ ձեռք...

2024-ի Փարիզի Ողիմպիական.  Էլմիրա Կարապետեան Մասնակցեցաւ Ողիմպիական Ջահերթին

2024-ի Փարիզի Ողիմպիական. Էլմիրա Կարապետեան Մասնակցեցաւ Ողիմպիական Ջահերթին

Ողիմպիական խաղերուն մասնակցող Հայաստանի հաւաքականը երէկ իր մասնակցութիւնը բերաւ Ողիմպիական ջահին փոխանցում-վազքին` իր հրաձիգ Էլմիրա Կարապետեանի միջոցով: 26 յուլիսին տեղի ունենալիք պաշտօնական բացումէն առաջ, ջահը այժմ կը շրջի Փարիզի թաղերուն մէջ: Ողիմպիական խաղերուն մասնակցող Հայաստանի հաւաքականին մաս կը կազմեն մարմնամարզիկներ Արթուր Դաւիթեան ու Վահագն Դաւիթեան, յունահռոմէական ոճի ըմբիշներ Արթուր Ալեքսանեան, Մալխաս Ամոյեան եւ Սլաւիկ Գալստեան, ազատ ոճի ըմբիշներ Արսէն Յարութիւնեան...

Փոխանցումներու Աշխարհ. Էմպափէ Պաշտօնապէս Միացաւ Ռէալին.  Ռոտրի Կրնայ Միանալ Ռէալ Մատրիտին

Փոխանցումներու Աշխարհ. Էմպափէ Պաշտօնապէս Միացաւ Ռէալին. Ռոտրի Կրնայ Միանալ Ռէալ Մատրիտին

Ֆրանսացի Քիլիան Էմպափէ վերջապէս իր մանկութեան երազը իրականացուց` միանալով աշխարհի ամէնէն անուանի ակումբին` Ռէալ Մատրիտին: Ան երեքշաբթի օր 80 հազար համակիրներու առջեւ ներկայացաւ Պեռնապէօ դաշտ, Ռէալի շապիկով: Էմպափէ 8 տարեկանին Պեռնապէօ դաշտին պզտիկ մանրակերտը ստացած էր, եւ մամլոյ ասուլսին յայտարարեց, թէ իր մանկական երազը իրականացուցած է 25 տարեկանին: «Մանկութենէս գիտէի, թէ ճակատագիրս է խաղալ Ռէալ Մատրիտի հետ: Դպրոցիս մէջ փայլուն...

Մորաթա Հաւանաբար Միանայ Ա. Սէ. Միլանին

Մորաթա Հաւանաբար Միանայ Ա. Սէ. Միլանին

Աթլեթիքօ Մատրիտի սպանացի յառաջապահ Ալվարօ Մորաթա հաւանաբար միանայ Ա. Սէ. Միլանին` վերադառնալով «Սերի Ա.», ուր նախապէս 4 տարեշրջան կրած է Եուվենթուսի տարազը: Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, Միլանի կազմը պատրաստ է 13 միլիոն վճարելու Աթլեթիքոյին, որ խզէ իր պայմանագրութիւնը: Մորաթա կրնայ մինչեւ 2028 թուական ստորագրել Միլանի կազմին հետ` ստանալով տարեկան 5 միլիոն եւրօ: Կիրակի օր Սպանիոյ հետ Եւրոպայի ախոյեան դարձած Մորաթա...

Հենրիխ Մխիթարեան Պիտի Մնայ Միլան

Հենրիխ Մխիթարեան Պիտի Մնայ Միլան

Ինթեր Միլանի հայ միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, նայելով անցեալ տարեշրջանի իր խաղարկութեան, շատ լաւ գնահատական մը տուած էր: «Ինչպիսի՛ անմոռանալի տարեշրջան մըն էր: Մենք պատմութիւն կերտեցինք` շահելով «Սերի Ա.»-ի «Սքուտեթոն», եւ մեր երկրորդ աստղը ստանալու աւելի առանձնայատուկ տարբերակ չէր կրնար ըլլալ: Անձնական առումով ալ շատ ուրախ եմ, որ տարին աւարտեցի աւելի շատ վայրկեաններ խաղալով: Շատ շնորհակալ եմ համակիրներուն աջակցութեան համար, եւ...

Ողիմպիական Խաղերու Մարզաձեւերուն  Քանակը Աւելցաւ

Փարիզի 2024-Ի Ողիմպիական Խաղեր. 3500 Հոգիի Արգիլուեցաւ Աշխատիլ Ողիմպիական Խաղերուն

Ֆրանսայի իշխանութիւնները, շարք մը վարչական ստուգումներէ ետք, մերժած են մայրաքաղաք Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք Ողիմպիական խաղերու աշխատանքներուն համար դիմումնագիր լեցուցած 3570 անձերու դիմումները: Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Ժերալտ Տարմանին յայտարարեց,  թէ կառավարութիւնը 770 հազար հետաքննութիւն կատարած է` ստուգելու Ֆրանսայի ազգային անվտանգութեան սպառնացող վտանգները: 3570 անձերէն 130-ը ընդգրկուած են «Ֆիշ Էս.»-ի ցուցակին մէջ, որ ահաբեկչութեան եւ ազգային անվտանգութեան մէջ կասկածներու կառավարութեան...

Մարաշլեան, Մեսսի Եւ Սուարես «Էմ. Էլ. Էս.»-ի «Օլ Սթարզ» Խումբին Մաս Պիտի Կազմեն

Մարաշլեան, Մեսսի Եւ Սուարես «Էմ. Էլ. Էս.»-ի «Օլ Սթարզ» Խումբին Մաս Պիտի Կազմեն

«Էմ. Էլ. Էս.»-ի մամլոյ ծառայութիւնը հրապարակեց «Օլ Սթարզ» խումբին կազմը, որ պիտի մրցի Մեքսիքայի առաջնութեան բոլոր աստղերու խումբին դէմ: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Քոլոմպուսի դաշտին վրայ, 24 յուլիսին: «Օլ Սթարզ» կազմին մաս կը կազմէ նաեւ Քոլոմպուսի ուրուկուէյահայ յարձակող Տիեկօ Ռոսի Մարաշլեան: Բոլոր աստղերու խումբին մաս կը կազմեն նաեւ Լիոնել Մեսսին (եթէ պատրաստ ըլլայ) Լուիս Սուարեսը, Խորտի Ալպան, Սերխիօ Պուսքեթցը (Ինթեր...

Եուրօ 2024-ի Ամէնէն «Սուղ» Մարզիչները

Եուրօ 2024-ի Ամէնէն «Սուղ» Մարզիչները

Բրիտանիոյ «Տէյլի Մէյլ» պարբերականը վերջերս ուսումնասիրութիւն մը կատարած է եւ ներկայացուցած Եւրոպայի ախոյեանութեան ազգային խումբերու ամէնէն բարձր վարձատրուող մարզիչներու տասնեակը: Ստորեւ կը ներկայացնենք ցանկը. 1.- Կարեթ Սաութկէյթ (Անգլիա) 5,9 միլիոն եւրօ 2.- Եուլիան Նակելզման (Գերմանիա) 5,6 միլիոն եւրօ 3.- Ռոպերթօ Մարթինես (Փորթուգալ) 4,7 միլիոն եւրօ 4.- Տիտիէ Տեշան (Ֆրանսա) 3,7 միլիոն եւրօ 5.- Ռոնալտ Քուման (Նետերլանտներ) 2,9 միլիոն եւրօ 6.-...

Page 195 of 1281 1 … 194 195 196 … 1,281

Արխիւներ