Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան 2023-2024 տարեշրջանի 3-րդ դիրքը գրաւող ՀՄԸՄ Անթիլիաս արդէն իսկ սկսած է պատրաստուիլ յառաջիկայ տարեշրջանին համար:
Մարզիչ Ժորժ «Տոտի» Տաղեր երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը եւ պիտի մնայ ՀՄԸՄ Անթիլիասի հետ: Արամ Աբրահամեան պիտի ըլլայ օգնական մարզիչը` մնալով իր պաշտօնին վրայ: Խումբին հովանաւորը անգամ մը եւս պիտի ըլլայ «Փըրֆորմընս Հելթ Քլապ» ակումբը, ուր ֆիզիքականի եւ վարժութեան մարզիչ Քրիս Մուժապերի հետ կապը կը մնայ ի զօրու:
Նշենք, որ խմբապետ Ալիք Թապաքեան պիտի մնայ խումբին հետ, եւ անցեալ տարեշրջանի տարուան լաւագոյն 5-ի անդամներ Փաթիլ Ասատուրեան եւ Փերլա Պու Նասր իրենց պայմանագրութիւնները երկարաձգեցին: Խումբին մէջ կը մնան նաեւ Եաշա Զէյնուն, Ալիք Քէշիշեան եւ Մայսա Ապու Խալիլ:
Նշենք, որ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը ամսուան սկիզբը յայտարարած էր 22 մարզիկներու անուններ, որոնք դասուած էին Ա. կարգի մարզիկներ` նշելով, որ յաջորդ եղանակին բոլոր խումբերը կրնան 2 օտար մարզիկներ ներկայացնել դաշտ` ախոյեանութեան սկիզբէն մինչեւ աւարտ:
Ստորեւ` Ա. կարգի մարզիկներուն անունները.
Ռեպեքքա Աքլ, Տանիելլա Ֆայեատ, Նարինէ Կէօքճեան, Ռանա Հիւսէյն, Զէյնա Էլիաս, Մեղրի Թորոսեան, Մելոտի Սանեհ, Քաթրին Իմատ, Փերլա Պու Նասր, Նուր Ղըսըն, Մաթիլտա Խալիլ, Քարմեն Կապրելլա Ապի Սաատ, Եասմին Լահուտ, Եասմինա Ապու Սամրա, Եաշա Զէյնուն, Սանտա Պատաուի, Փիա Խաթթար, Սերիթա Ֆարաժ, Մարիա Ղալեպ, Սերենա Հաշեմ, Ռանա Սաֆի եւ Եարա Պու Հարպ:
Ախոյեանութեան բացման հանգրուանը պիտի յայտարարուի 1 նոյեմբերին, եւ ինչպէս նշեցինք, ամէն խումբ պէտք է ունենայ 2 օտար մարզիկ, որնք կրնան մասնակցիլ դաշտին վրայ` ախոյեանութեան առաջին հանգրուանէն մինչեւ աւարտ: