Ֆրանսայի իշխանութիւնները, շարք մը վարչական ստուգումներէ ետք, մերժած են մայրաքաղաք Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք Ողիմպիական խաղերու աշխատանքներուն համար դիմումնագիր լեցուցած 3570 անձերու դիմումները:
Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Ժերալտ Տարմանին յայտարարեց, թէ կառավարութիւնը 770 հազար հետաքննութիւն կատարած է` ստուգելու Ֆրանսայի ազգային անվտանգութեան սպառնացող վտանգները: 3570 անձերէն 130-ը ընդգրկուած են «Ֆիշ Էս.»-ի ցուցակին մէջ, որ ահաբեկչութեան եւ ազգային անվտանգութեան մէջ կասկածներու կառավարութեան ցուցակն է, մինչ տասնեակ մը մարդիկ կապեր ունին իսլամական արմատականներու հետ:
Մինչեւ 45 հազար հոգինոց անվտանգութեան ուժեր, որոնց կարգին իրաւապահներ եւ քաղաքապետարանի ոստիկաններ ամբողջ Փարիզի մէջ պիտի հսկեն մարզական աշխարհի գլխաւոր մրցաշարքերէն մէկուն ընթացքին:
Յիշեցնենք, որ 2024-ի Փարիզի Ողիմպիականի խաղերը տեղի պիտի ունենան 26 յուլիսէն 11 օգոստոսի


