Ըստ «Էն. Պի. Էյ.»-ի ներքին աղբիւրներուն, «Էն. Պի. Էյ.»-ի աստղերէն Փոլ Ճորճ, որ ազատ մարզիկ է այժմ, համաձայնած է միանալու իր ընկերոջ` Ժոել Էմպիիտի, Ֆիլատելֆիա 76-ըրզի հետ:
Փոլ Ճորճ, որ այժմ 34 տարեկան վեթերան է եւ 2019-էն ի վեր Արեւմտեան շրջանի Լոս Անճելըս Քլիփըրզի մարզիկ էր, կը նկատուի «Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն մարզիկներէն եւ 2013-էն ի վեր 9 անգամ մասնակցած է «Օլ Սթար» մրցումներուն: Ան շատ լաւ պաշտպանող է, միեւնոյն ժամանակ 6 անգամ ընտրուած է «Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն հնգեակէն:
Ճորճ սմոլ ֆորուըրտ ու շութինկ կարտ դիրքերուն վրայ կը խաղայ եւ կրնայ շատ լաւ արդիւնք տալ Ժոել Էմպիիտի հետ:
Ան 4 տարուան համար պիտի ստանայ 212 միլիոն ամ. տոլար:
Ճէյմս Հարտըն պիտի մնայ Քլիփըրզի հետ` 2 տարուան համար 70 միլիոն ամ. տոլարի փոխարէն:
Այլ վեթերան մը` Քրիս Փոլ պիտի միանայ ֆրանսացի Վիքթոր Ուեմպանեամային` Սան Անթոնիօ Սփըրզի հետ, 1 տարուան համար:
Ան լքեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզը, որ 30 միլիոն ամ. տոլար պէտք է վճարէ երկարաձգումի պարագային:
39 տարեկան Փոլ 9 կէտ եւ 7 էսիսթ ձեռք ձգեց անցեալ տարեշրջանի իր 58 մրցումներուն (միջին հաշուով): Ան մօտաւորապէս 11 միլիոն ամ. տոլար պիտի ստանայ Սփըրզէն:
Քենթավիըս Քալտուել-Փոփ պիտի միանայ Օրլանտօ Մեճիքին, իր փորձառութեամբ օգնելու վերջինիս, որ անցեալ տարի Արեւելեան շրջանի անակնկալ խումբերէն մէկն էր:
Մինչեւ 6 օգոստոս (պաշտօնական փոխանցումներու օրը) ճիշդ յստակ չէ անոր փոխանցման արժէքը, սակայն կը կարծուի, թէ 3 տարուան համար ան մօտ 66 միլիոն ամ. տոլար պիտի ստանայ:
Քալտուել-Փոփ 2020-ին Լէյքըրզի հետ եւ 2023-ին Տենվըր Նակեթցի հետ ախոյեան դարձած էր «Էն. Պի. Էյ.»-ի, եւ այդ փորձառութիւնը յաւելեալ կարողութիւն կրնայ տալ Մեճիքին:
Քեւին Լավ 2 տարիով երկարաձգեց Մայեմի Հիթի հետ իր պայմանագրութիւնը, մինչ Անտրէ Տրամընտ վերադարձաւ Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ, 2 տարեշրջան անցնելէ ետք Շիքակօ Պուլզի հետ, ուր միայն 17 վայրկեան կը մասնակցէր` նշանակելով 8,4 կէտ եւ 9 ռիպաունտ (միջին հաշուով):


