Անցեալ շաբաթավերջին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի ճատրակի մարզիկները մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի կազմակերպած ճատրակի տարիքային մրցաշարքին` արձանագրելով պատուաբեր արդիւնքներ:
10 տարեկանէն վար աղջկանց մրցումներուն, Սօսէ Սէփէթճեան գրաւեց առաջին դիրքը, մինչ Նայիրի Նիւրփենտեան յաջորդեց զինք` գրաւելով 2-րդ դիրքը:
Տղոց 10 տարեկանէն վար մրցումներուն Բ. դիրքը գրաւեց ՀՄԸՄ Անթիլիասէն Ճիօ Խուրի, իսկ 12 տարեկանէն վար աղջկանց մրցումներուն Լիտիա Հաժ գրաւեց 2-րդ դիրքը: