Ռումանիոյ մէջ տեղի ունեցող Եուրօ պասքեթպոլի 20 տարեկանէն վար Բ. դասակարգի մրցումներուն, Հայաստան գրաւեց 19-րդ դիրքը, պարտութեան մատնելէ ետք Ազրպէյճանը` 71-61 արդիւնքով: Հայաստան 2 կէտի առաւելութիւն ունեցաւ առաջին մասին, իսկ երկրորդ մասին 13-13 արդիւնքով աւարտելէ ետք, 3-րդ մասին 5 եւ 4-րդ մասին 3 կէտի առաւելութիւն ունենալով յաղթեց ազրպէյճանցի երիտասարդներուն:
Արայիկ Գէորգեան (17 կէտ), Էրիք Քարախանեան (16 կէտ) եւ Եուրա Մելիքեան (15 կէտ եւ 21 ռիպաունտ) եղան Հայաստանի երիտասարդներու լաւագոյն մարզիկները: