ՖԻՏԷ-ի վարպետ Էրիք Գասպարեան Վրաստանի մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքի արագ ճատրակի ախոյեան դարձաւ:
Պաթումի քաղաքապետարանին կազմակերպած 8-րդ միջազգային մրցաշարքին ան 9 կարելի կէտերէն 8,5 կէտ շահեցաւ:
3-րդ դիրքը գրաւեց ՖԻՏԷ-ի վարպետ Սարգիս Մանուկեան, որ 7,5 կէտ ձեռք ձգեց:
Մրցանակակիրներու շարքին էր նաեւ Նարեկ Ղիմոյեան, որ 7 կէտ հաւաքելով 6-րդ դիրքը գրաւեց:
14 տարեկանէն վար պատանիներու մրցումներուն, 6,5 կէտ ձեռք ձգեց Մանուէլ Առաքելեան եւ գրաւեց առաջին դիրքը:
Աղջիկներու մրցումներուն, Բ. դիրքը գրաւեց (6 կէտ) ՖԻՏԷ-ի վարպետ Փոլինա Քոպաք:


