«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած «Քոնֆըրընսի լիկա»-ի զտումի մրցումներու առաջին հանգրուանի դարձի մրցումներուն յաղթելէ ետք, Նոա եւ Ուրարտու հասան Բ. հանգրուան:
Նոա, որ երթին 2-0 արդիւնքով յաղթած էր հիւսիսային Մակեդոնիայի Շքենիա խումբին, կրցաւ մրցակիցի դաշտին վրայ Ա. կիսախաղին կոլ մը նշանակել` շնորհիւ պաշտպան Ալեքսանտըր Միլքովիչի, որ օգտուելով Կոռ Մանուէլեանի փոխանցումէն, բացաւ մրցումին հաշիւը: Երթին ալ սերպ Միլքովիչ կրցած էր նշանակել կոլ մը:
Մրցակից խումբի ալպանացի պաշտպան Քլիսման Քէյք 53-րդ վայրկեանին նշանակեց հաւասարութեան կոլը, սակայն Նոայի ֆրանսացի յառաջապահ Վիրժիլ Փինսոն փորթուգալցի Կոնսալօ Կրեկորիոյի փոխանցումին վրայ նշանակեց յաղթանակի կոլը` 91-րդ վայրկեանին:
Բ. հանգրուանին Նոա պիտի մրցի Մալթայի Սլիմա Ուոնտըրըրզի դէմ 25 յուլիսին (Հայաստան) եւ 1 օգոստոսին (Մալթայի մէջ):
Ուրարտուն իր կարգին կրցաւ դուրս ձգել Էսթոնիոյ Թալիննա Քալեւ խումբը` զայն պարտութեան մատնելէ ետք 2-0 արդիւնքով: Միքայէլ Միրզոյեան (12 եւ 49 վայրկեաններուն) նշանակեց Ուրարտուի անպատասխան կոլերը:
Բ. հանգրուանին Ուրարտու պիտի մրցի Փանիք Օսթրաւայի դաշտին վրայ Չեխիոյ մէջ 25 յուլիսին (երթ) եւ Հայաստանի մէջ 1 օգոստոսին:
Հայաստանի բաժակակիր Արարատ – Արմենիա իր կարգին առաջին մրցումը պիտի ունենայ Բ. հանգրուանին Մոլտովայի մէջ Զիմպրու Քիշենեւի դէմ (25 յուլիսին), ապա դարձը` Երեւանի մէջ, 1 օգոստոսին:
Փիւնիկ, որ դուրս մնացած էր «Չեմփիընզ լիկ»-ի զտումի առաջին հանգրուանէն, պիտի շարունակէ իր մրցումները «Քոնֆըրընս լիկա»-ի զտումի Բ. հանգրուանի փուլին, պարտուելէ ետք Տինամօ Մինսքէն (Պիելոռուսիա) (0-0 եւ 1-0):
Փիւնիկի մրցակիցը պիտի ըլլայ հիւսիսային Մակեդոնիոյ Շթրուկա խումբը (25 յուլիսին երթ` Մակեդոնիա, իսկ 1 օգոստոսին դարձ` Երեւան):