«Էմ. Էլ. Էս.»-ի մամլոյ ծառայութիւնը հրապարակեց «Օլ Սթարզ» խումբին կազմը, որ պիտի մրցի Մեքսիքայի առաջնութեան բոլոր աստղերու խումբին դէմ: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Քոլոմպուսի դաշտին վրայ, 24 յուլիսին:
«Օլ Սթարզ» կազմին մաս կը կազմէ նաեւ Քոլոմպուսի ուրուկուէյահայ յարձակող Տիեկօ Ռոսի Մարաշլեան:
Բոլոր աստղերու խումբին մաս կը կազմեն նաեւ Լիոնել Մեսսին (եթէ պատրաստ ըլլայ) Լուիս Սուարեսը, Խորտի Ալպան, Սերխիօ Պուսքեթցը (Ինթեր Մայեմիէն), ինչպէս նաեւ ֆրանսացի բերդապահ Ուկօ Լորիսը, Ֆետերիքօ Պեռնարտեսքին եւ Քրիսթիան Պենթեքեն: