Քիլիան Էմպափէ քանի մը օր առաջ միացաւ Սպանիոյ «հսկայ» Ռէալ Մատրիտին, բայց ըստ վերջին հետազօտութիւններուն, ան ամէնէն բարձր վճարուող մարզիկը չէ:
Պարսելոնայի միջնապահ Ֆրենքի Տը Եոնկ, որ վերջին Եուրոյին չկրցաւ մասնակցիլ Նետերլանտներու հետ` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով, ամէնէն շատ վճարուող մարզիկն է «Լա լիկա»-ի մէջ:
Ան 2019-էն մաս կը կազմէ Պարսելոնային եւ 5 եղանակներէ ետք ան ընդամէնը 151 մրցում կատարած է այդ խումբին հետ` նշանակելով 12 կոլ:
Ան յաճախ վիրաւոր էր վերջին 2 եղանակներուն, բայց 37,5 միլիոն եւրօ կը ստանայ մէկ տարուան ընթացքին: Պարսելոնա, որ դրամական հարցերու մէջ էր վերջին քանի մը տարիներուն, զարմալիօրէն բարձր աշխատավարձ կը վճարէ: Բ. դիրքը գրաւող մարզիկն է Պարսայի այլ մարզիկներէն Ռոպերթ Լեվանտովսքին, որ 33,3 միլիոն եւրօ կը շահի:
Ռէալին նոր միացած Էմպափէն 31,3 միլիոն եւրօ պիտի ստանայ թագաւորական խումբէն:
Առաջին 10-ի ցանկին մէջ կը գտնուին նաեւ Ռէալ Մատրիտէն 5 մարզիկներ` Տաւիտ Ալապան (4-րդ), Ճուտ Պելինկհամը (6-րդ) Վինիսիուս Ճունիորը (7-րդ) Ֆետերիքօ Վալվերտէն (9-րդ) եւ Թիպօ Քուրթուան (10-րդ):
5-րդ դիրքը կը գրաւէ Աթլեթիքօ Մատրիտի սլովենիացի բերդապահ Եան Օպլաք: 8-րդ դիրքը կը գրաւէ Պարսելոնայի միջնապահ Իլքայ Կիւնտողան: