Ողիմպիական խաղերուն մասնակցող Հայաստանի հաւաքականը երէկ իր մասնակցութիւնը բերաւ Ողիմպիական ջահին փոխանցում-վազքին` իր հրաձիգ Էլմիրա Կարապետեանի միջոցով:
26 յուլիսին տեղի ունենալիք պաշտօնական բացումէն առաջ, ջահը այժմ կը շրջի Փարիզի թաղերուն մէջ:
Ողիմպիական խաղերուն մասնակցող Հայաստանի հաւաքականին մաս կը կազմեն մարմնամարզիկներ Արթուր Դաւիթեան ու Վահագն Դաւիթեան, յունահռոմէական ոճի ըմբիշներ Արթուր Ալեքսանեան, Մալխաս Ամոյեան եւ Սլաւիկ Գալստեան, ազատ ոճի ըմբիշներ Արսէն Յարութիւնեան ու Վազգէն Թեւանեան, ծանրաբարձներ Անդրանիկ Կարապետեան, Գարիկ Կարապետեան եւ Վարազդատ Լալայեան, բռնցքամարտիկ Դաւիթ Չալոյեան, լուղորդներ Վարսենիկ Մանուչարեան եւ Արթուր Բարսեղեան, աթլեթ Երուանդ Մկրտչեան եւ, ինչպէս նշեցինք, հրաձիգ Էլմիրա Կարապետեան:


