Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հենրիխ Մխիթարեան Պիտի Մնայ Միլան

July 17, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինթեր Միլանի հայ միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, նայելով անցեալ տարեշրջանի իր խաղարկութեան, շատ լաւ գնահատական մը տուած էր:

«Ինչպիսի՛ անմոռանալի տարեշրջան մըն էր: Մենք պատմութիւն կերտեցինք` շահելով «Սերի Ա.»-ի «Սքուտեթոն», եւ մեր երկրորդ աստղը ստանալու աւելի առանձնայատուկ տարբերակ չէր կրնար ըլլալ: Անձնական առումով ալ շատ ուրախ եմ, որ տարին աւարտեցի աւելի շատ վայրկեաններ խաղալով: Շատ շնորհակալ եմ համակիրներուն աջակցութեան համար, եւ կը հանդիպինք շուտով», ըսած է Մխիթարեան:

Ան նախապէս յայտնած էր, թէ որքան ուրախ է եւ մտերիմ կը զգայ ինքզինք, ուր առաջին օրէն կը կարծէ, թէ Միլանի սան է, եւ կը կարծէ, թէ այլ կեանքի մէջ այդ քաղաքը ապրած է:

Մխիթարեան կ՛ըսէ. «Ես սկսած եմ իբրեւ յարձակողական դիրքի մարզիկ, ապա դարձայ փլէյմէյքըր, իսկ հիմա` կեդրոնական միջնապահ: Այդ պատճառով ալ բոլորը կը կարծեն, թէ դանդաղ եմ:

Ժամանակակից ֆութպոլին մէջ, իւրաքանչիւր խումբի ծայրերը կը վազեն Իուսէյն Պոլթի նման մարզիկներ, իսկ իրենց դէմ ես` 35 տարեկան ֆութպոլիստ, բայց կը կարողանամ անոնց զսպել: Կը տիրապետեմ 5 լեզուներու` հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ իտալերէն: Ես մոռցած էի գերմաներէնը, քանի որ շատ դժուար էր, եւ միայն Տորթմունտի իմ 3-րդ տարեշրջանիս շատ լաւ խօսեցայ: Դաշտէն հեռու ալ հաճոյք կը ստանամ ճատրակ խաղալով, բան մը, որ ինծի կարելիութիւն կու տայ մտածելու եւ հասկնալու, թէ ինչպէ՛ս եւ ո՛ւր երթալ` փորձելով կանխատեսել մրցակիցին հետագայ քայլերը: Ասպարէզս աւարտելէ ետք կը մնամ Միլանօ այնքան ժամանակ, մինչեւ տղաս մեծնայ եւ որոշէ, թէ կ՛ուզէ՞ ֆութպոլ խաղալ, թէ՞ ոչ: Եթէ ան փափաքի ֆութպոլիստ դառնալ, մենք կը մնանք Միլան: Ապա թէ ոչ, մենք կը վերադառնանք Հայաստան:

Ֆութպոլը լքելէս ետք վստահաբար մարզիչ չեմ ըլլար, ընդհանրապէս ֆութպոլի մէջ չեմ ըլլար: Ես կ՛ուզեմ աւելի շատ ընտանիքիս ժամանակ յատկացնել, սորվիլ նոր բաներ, օրինակ` ճաշ պատրաստել: Ֆութպոլիստները մարզիչ կը դառնան, երբ կ՛ուզեն տունէն փախչիլ, ազատ ըլլալ… Իսկ ես` ոչ», ըսաւ Մխիթարեան:

Նախորդը

Փարիզի 2024-Ի Ողիմպիական Խաղեր. 3500 Հոգիի Արգիլուեցաւ Աշխատիլ Ողիմպիական Խաղերուն

Յաջորդը

Ղեւտացի Երիտասարդներ Պենի Պրաքի Մէջ Յարձակած Են Բարձրաստիճան Սպաներու Վրայ Եւ Զայրոյթ Յառաջացուցած

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.