Աթլեթիքօ Մատրիտի սպանացի յառաջապահ Ալվարօ Մորաթա հաւանաբար միանայ Ա. Սէ. Միլանին` վերադառնալով «Սերի Ա.», ուր նախապէս 4 տարեշրջան կրած է Եուվենթուսի տարազը:
Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, Միլանի կազմը պատրաստ է 13 միլիոն վճարելու Աթլեթիքոյին, որ խզէ իր պայմանագրութիւնը: Մորաթա կրնայ մինչեւ 2028 թուական ստորագրել Միլանի կազմին հետ` ստանալով տարեկան 5 միլիոն եւրօ:
Կիրակի օր Սպանիոյ հետ Եւրոպայի ախոյեան դարձած Մորաթա (31 տարեկան) բժշկական քննութիւններ կրնայ կատարել այս շաբաթ, Ան անցեալ տարեշրջանին Աթլեթիքոյի հետ 15 կոլ նշանակած եւ 3 էսիսթ ձեռք ձգած էր:
Նշենք, որ Եուրօ 2024-ին ան Սպանիոյ խմբապետն էր: