Մարզական

Լիոնել Մեսսի` Ֆութպոլի Պատմութեան Ամէնէն Շատ Տիտղոս Շահած Մարզիկը

Լիոնել Մեսսի` Ֆութպոլի Պատմութեան Ամէնէն Շատ Տիտղոս Շահած Մարզիկը

Երկուշաբթի առաւօտեան ժամերուն, Արժանթինի ազգային խումբին հետ շահելէ ետք Քոփա Ամերիքան, խմբապետ Լիոնել Մեսսի դարձաւ ֆութպոլի պատմութեան ամէնէն շատ տիտղոսներ շահած մարզիկը: 37 տարեկան Մեսսի իր 45-րդ տիտղոսը շահեցաւ: Երկրորդ դիրքը կը գրաւէ պրազիլցի Տանի Ալվեզ` 44 տիտղոսով: Գ. դիրքը կը գրաւէ եգիպտացի միջնապահ Հուսամ Աշուրը, որ Եգիպտոսի ախոյեան Ահլիի (եւ Եգիպտոսի ազգային խումբին) հետ շահած է 39 տիտղոս: 2024-ի...

Սաութկէյթ Կրնայ Փոխարինուիլ

Սաութկէյթ Կրնայ Փոխարինուիլ

Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Կարեթ Սաութկէյթ, որ 2016-էն ի վեր նշանակուած էր Անգլիոյ մարզիչ, ճնշումի տակ կը թուի ըլլալ, մանաւանդ որ կարգ մը թղթակիցներ եւ փորձառու մեկնաբաններ կը կարծեն, թէ ան այլեւս պէտք է հեռանայ ազգային խումբէն: Արդէն իսկ անունները կը տարածուին իբրեւ յաջորդներ, ինչպէս Կրահամ Փոթըր, Էտի Հաու, Մաուրիսիօ Փոչեթինօ եւ նոյնիսկ Թոմաս Թուխել: Ըստ աղբիւրներու, Անգլիոյ ֆութպոլի...

Վիքթոր Օսիմեն Պիտի Միանա՞յ Չելսիին

Վիքթոր Օսիմեն Պիտի Միանա՞յ Չելսիին

Լոնտոնի Չելսի ակումբը այս ամառ պիտի փորձէ ձեռք ձգել նիկերիացի յառաջապահ Վիքթոր Օսիմենը, Իտալիոյ Նափոլի խումբէն: Անոր փոխանցման արժէքը նուազեցնելու միտումով, Չելսի պիտի առաջարկէ պելճիքացի յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքուն եւ իտալացի միջնապահ Չեզարէ Քասատէյը փոխանցել Նափոլիին: Օսիմենի փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 100 միլիոն եւրոյով: Ան 2020-էն ի վեր մաս կը կազմէ Նափոլիին: Անցեալ տարեշրջանին ան 32 մրցումներ կատարած է Նափոլիի հետ`...

Մանչեսթըր Սիթի Նպատակ Չունի Ձեռք Բերելու Օլմոն

Մանչեսթըր Սիթի Նպատակ Չունի Ձեռք Բերելու Օլմոն

Վերջին շաբաթներուն տեղեկութիւններ շրջան կ՛ընէին, թէ Անգլիոյ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի մտադիր է պայմանագրութիւն մը կնքել Լայփցիկի սպանացի միջնապահ Տանի Օլմոյի հետ: Շշուկներ կային, թէ «Սիթիզընզ» մտադիր են 60 միլիոն եւրոյի փոխարէն ձեռք ձգել 26 տարեկան Օլմոն, որ շատ յաջող ելոյթներ ունեցաւ Եուրօ 2024-ին: Երկուշաբթի օր յստակացաւ, թէ Մանչեսթըր քաղաքի ակումբը մտադիր չէ առաջարկ ներկայացնել գերմանական Լայփցիկին` ձեռք ձգելու Օլմոն: Մարզիչ...

Մանուէլ Նոյըր Հարց Չունի Ասպարէզը Չաւարտած «Էմ. Էլ. Էս.» Խաղալու

Մանուէլ Նոյըր Հարց Չունի Ասպարէզը Չաւարտած «Էմ. Էլ. Էս.» Խաղալու

Պայերն Միւնիխի բերդապահ եւ խմբապետ Մանուէլ Նոյըր կարճ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ան հարց չունի օր մը խաղալու եւ մասնակցելու «Էմ. Էլ. Էս.»-ի (Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ախոյեանութիւն) մրցումներուն: Նոյըր յայտնած է, որ այլ երկիր տեղափոխուիլը լաւ բան կրնայ ըլլալ, եւ վերջերս այդ հարցը քննարկած է իր նախկին խմբակից Պասթիան Շվայնշթայկըրի հետ: 38 տարեկան Նոյըր, որ հակառակ յառաջացած տարիքին տակաւին...

Պասքեթպոլ.  Հայաստանի Պատանիները Յաղթեցին Ազրպէյճանին

Պասքեթպոլ. Հայաստանի Պատանիները Յաղթեցին Ազրպէյճանին

Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի պատանիներու ախոյեանութեան 3-րդ դասակարգի 3-րդ դիրքի մրցումներուն, Հայաստանի պատանիները (16 տարեկանէն վար) 71-63 արդիւնքով յաղթեցին Ազրպէյճանին: Մրցումին լաւագոյն մարզիկն էր Դաւիթ Կակոյեան, որ նշանակեց 7 կէտ, ձեռք ձգելով 10 ռիպաունտ եւ 5 էսիսթ: Ռաֆայէլ Մասումեան նշանակեց 20 կէտ: Նոյն դասակարգի աղջկանց մրցումներուն, Հայաստանի պատանի աղջկանց խումբը 77-71 արդիւնքով յաղթեց Վրաստանին եւ գրաւեց 5-րդ...

Եուրօ 2024.  Սպանիա 4-րդ Անգամ Ըլլալով Եւրոպայի Ախոյեան

Եուրօ 2024. Սպանիա 4-րդ Անգամ Ըլլալով Եւրոպայի Ախոյեան

Կիրակի գիշեր, Սպանիա դարձաւ եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ամէնէն յաջողութիւն գտած խումբը` շահելով իր 4-րդ Եուրոն, 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Անգլիան: Անգլիա իր պատմութեան ընթացքին 3-րդ պաշտօնական աւարտականը կը խաղար, առաջինը` 1966-ի Մոնտիալին, Լոնտոն, երկրորդը` անցեալ Եուրոյին, Լոնտոն, եւ այս անգամ առաջին անգամ ըլլալով օտար դաշտի վրայ` Պերլին (Գերմանիա): Պէտք է ըսել, որ Պերլինի մէջ Անգլիոյ ազգային խումբը բնաւ չէր...

Քոփա Ամերիքա.  Արժանթին 16-րդ Անգամ Ըլլալով Ախոյեան

Քոփա Ամերիքա. Արժանթին 16-րդ Անգամ Ըլլալով Ախոյեան

Երէկ առաւօտեան վերջ գտաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած Քոփա Ամերիքան, ուր ախոյեան Արժանթին յաջորդական երկրորդ մրցաշարքը ըլլալով յաղթական դուրս եկաւ, երկարաձգման 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Քոլոմպիան: 2021-ին ալ շահած Արժանթինի խմբապետ Մեսսի, որ վիրաւորուեցաւ, հաւանաբար կատարած ըլլայ իր վերջին միջազգային մրցաշարքը: Քոլոմպիա շատ լաւ ձեւով սկսաւ մրցումը, որ 1 ժամէ աւելի ուշացաւ, երբ հազարաւոր համակիրներ փորձած էին դաշտ...

Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան` Արագ Ճատրակի Ախոյեան

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան` Արագ Ճատրակի Ախոյեան

Ճատրակի կրանտ մասթըր Հայկ Մարտիրոսեան Զուիցերիոյ մէջ տեղի ունեցած «Պիել Չես Ֆեսթիվըլ 2024» միջազգային մրցաշարքի արագ ճատրակի տիտղոսը շահած է: 24 տարեկան Հայկ Մարտիրոսեան գրաւած է առաջին դիրքը` գերազանցելով հնդիկ վարպետ Ռամեշպապու Փրակնանանտան եւ գերմանացի վարպետ Վինսենթ Քայմերը: Նոյն մրցաշարքի Ֆիշըրի մրցումներուն, Հայկ Մարտիրոսեան գրաւած էր 2-րդ դիրքը` առաջին դիրքը զիջելով հնդիկ մրցակիցին, մինչ Վինսենթ Քայմեր գրաւած էր 3-րդ դիրքը:

Միւլըր Ազգային Խումբին Հետ Իր Վերջին  Մրցումը Կատարեց Եուրոյին

Միւլըր Ազգային Խումբին Հետ Իր Վերջին Մրցումը Կատարեց Եուրոյին

Երէկ Գերմանիոյ ազգային խումբի եւ Պայերն Միւնիխի յառաջապահ Թոմաս Միւլըր պաշտօնապէս յայտնեց, թէ ազգային խումբին հետ իր ասպարէզը աւարտած է: Գերմանացի յարձակող միջնապահը իր վերջին մրցումը կատարեց Եուրոյի քառորդ աւարտականին Սպանիոյ դէմ (2-1): «Ես միշտ հպարտ եղած եմ իմ երկիրս ներկայացնելու համար: Ես շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլորին, որ առիթ տուին մասնակցելու ազգային խումբին հետ», յայտնեց Միւլըր «Եութիուպ»-ի ալիքէն: Միւլըր, որ...

Թենիս. Ուիմպըլտընի Ախոյեան Քրէյչիքովա Լաւագոյն 10-ին Մէջ.  Ալքարաս Մնաց 3-րդ Դիրքին Վրայ

Թենիս. Ուիմպըլտընի Ախոյեան Քրէյչիքովա Լաւագոյն 10-ին Մէջ. Ալքարաս Մնաց 3-րդ Դիրքին Վրայ

Ուիմպըլտընի աղջկանց ախոյեան Պարպորա Քրէյչիքովա վերջին 10 ամիսներու բացակայութենէն ետք վերադարձաւ առաջին 10-ի ցանկին մէջ, մինչ Ճասմին Փաուլինի բարձրացաւ թիւ 5 դիրքին: Քրէյչիքովա, որ շաբաթ օր 6-2, 2-6 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթած էր Փաուլինիի, 22 դիրք բարձրացաւ եւ այժմ թիւ 10 դասուած մարզիկն է: Փաուլինի թիւ 7 դիրքէն բարձրացաւ թիւ 5-ին, երբ ան Սերենա Ուիլիամսէն ետք առաջին թենիսվումընը դարձաւ, որ...

Լեռնալիբանանի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Սահել Մեթն Շիմալի 2-0

Լեռնալիբանանի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Սահել Մեթն Շիմալի 2-0

Երէկ, Անսարի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի երիտասարդները ժամը 1:30-ին տաքնալու սկսան... Դաշտը մարդ չկար, մրցակից խումբ չկար... իրաւարար չկար... ժամը 1:50-ին մրցակից խումբը հասաւ: Մրցումի ազդանշանը ժամը 2:00-ին էր, սակայն ըստ երեւոյթին մոռցուած էր, թէ մրցում տեղի պիտի ունենար, եւ հեռաձայններէ ետք 2 իրաւարարներ հասան դաշտ, երբ մօտ ժամը 2:15 էր, եւ աւելի ուշ հասաւ նաեւ 3-րդ իրաւարարը: Այս...

Քոփա Ամերիքա.  Ուրուկուէյ Գրաւեց 3-րդ Դիրքը

Քոփա Ամերիքա. Ուրուկուէյ Գրաւեց 3-րդ Դիրքը

Երէկ առաւօտեան ժամերուն, Չարլոթի դաշտին վրայ (Նորթ Քարոլայնա), 74.500 համակիրներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Քոփա Ամերիքայի 3-րդ դիրքի մրցումը` Ուրուկուէյի եւ Քանատայի միջեւ: Առաջին կիսախաղին Քանատա շատ առիթներ ստեղծեց, սակայն Բ. կիսախաղին Ուրուկուէյ աւելի լաւ էր, բայց մրցումը աւարտեցաւ 2-2 արդիւնքով, ապա վճռող փենալթիներուն ժամանակ Քանատա տեղի տուաւ աւելի փորձառու կամ բախտաւոր Ուրուկուէյի առջեւ: Մրցումը սկսաւ շատ արագ յարձակումներով: Թոթենհամի միջնապահ...

Թենիս.  Քրէյչիքովա Շահեցաւ Աղջկանց Տիտղոսը

Թենիս. Քրէյչիքովա Շահեցաւ Աղջկանց Տիտղոսը

Շաբաթ օր տեղի ունեցաւ Ուիմպըլտընի թենիսի աղջկանց մրցաշարքի աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին չեխ Պարպորա Քրէյչիքովա մօտ 2 ժամ պայքարէ ետք կրցաւ պարտութեան մատնել իտալացի Ճասմին Փաուլինին, 6-2, 2-6 եւ 6-4 արդիւնքով: 28 տարեկան Քրէյչիքովա բաւական ազդուած էր, երբ ստացաւ մրցաշարքի սկաւառակը, յիշելով իր նախկին մարզիչ եւ խորհրդատու Եանա Նովոթնան, որ 1998-ին շահած էր Ուիմպըլտընի մրցաշարքի տիտղոսը: Նովոթնա, որ 1997-ին թիւ...

Ալքարաս Շահեցաւ Ուիմպըլտընը

Ալքարաս Շահեցաւ Ուիմպըլտընը

Սպանացի Քարլոս Ալքարաս երէկ շահեցաւ Ուիմպըլտընի տղոց մրցաշարքը, աւարտականին պարտութեան մատնելէ ետք սերպ Նովաք Ճոքովիչը` 6-2, 6-2 եւ 7-6 արդիւնքով, 2 ժամ 30 վայրկեաններու ընթացքին: 21 տարեկան Ալքարաս 37 տարեկան Ճոքովիչի դէմ դժուարութիւն չունեցաւ անցեալ տարուան աւարտականին նման, ուր 5 ժամի չափ պայքար մղուած էր:

Հումելզ Կրնայ Միանալ Պոլոնիայի

Հումելզ Կրնայ Միանալ Պոլոնիայի

Տորթմունտի նախկին պաշտպան Մաթց Հումելզ կրնայ իր ասպարէզը շարունակել «Սերի Ա.»-ի մէջ: Արդարեւ, Պայերն Միւնիխի ակադեմիայի մարզիկ Հումելզ, որ 20 տարեկանէն միացած է Պորուսիա Տորթմունտի (միայն 3 տարեշրջան մաս կազմած է Պայերն Միւնիխի 2016-2019), 367 մրցում կատարելէ ետք Տորթմունտի հետ հաւանաբար մեկնի Իտալիա` միանալու համար Պոլոնիային, որ վերջերս պէտք ունի կեդրոնի պաշտպանի մը` Քալաֆիորին փոխարինելու: Ռիքարտօ Քալաֆիորի, որ այժմ Անգլիա...

Ֆորմիւլա 1.  Տարեշրջանը Հետաքրքրական Է, Բայց…

Ֆորմիւլա 1. Տարեշրջանը Հետաքրքրական Է, Բայց…

Մաքլարենի վարորդ Լանտօ Նորիս կը կարծէ, որ Ֆորմիւլա 1-ը այժմ բաւական հետաքրքրական սկսած է դառնալ բաղդատմամբ վերջին տասնամեակին, սակայն 2026-ին տեղի ունենալիք փոփոխութիւնները կրնան «փոխել ամէն ինչ»: «Անցեալ տարուան օրէնքներու վերջին փոփոխութիւններէն ետք ասիկա ամէնէն հետաքրքրական տարին եղաւ, եթէ նայինք առաջին խումբի եւ վերջին խումբի տարբերութեան համեմատութեան: Հիմա, որ ամէն ինչ ծայր աստիճան հետաքրքրական սկսած է դառնալ, նոր փոփոխութիւններ պիտի...

Լեռնալիբանանի Երիտասարդներու  Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Սահել Մեթն Շիմալի

Լեռնալիբանանի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Սահել Մեթն Շիմալի

Վաղը յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին, Անսարի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի երիտասարդներու խումբը պիտի մրցի Սահել Մեթն Շիմալի խումբին դէմ, 20 տարեկանէն վար Լեռնալիբանանի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին գծով: ՀՄԸՄ-ի երիտասարդները 2 մրցումներու հանգիստ յաղթելէ ետք թերեւս կարծեցին, թէ «առանց քրտնելու» կրնան բոլոր մրցումները յաղթել: Յուսանք, որ տղաքը սորված կ՛ըլլան բնաւ մրցակից չդատել իր նախկին արդիւնքներէն, եւ սկիզբէն լրջօրէն դաշտ կը ներկայանան...

Եուրօ 2024.  Վաղը Գիշեր` Սպանիա – Անգլիա

Եուրօ 2024. Վաղը Գիշեր` Սպանիա – Անգլիա

1 ամիս եւրոպական ֆութպոլի փառատօնէ մը ետք, վաղը վերջ կը գտնէ Եւրոպայի ախոյեանութիւնը` Պերլինի ողիմպիական դաշտին վրայ աւարտական մրցումով` Սպանիոյ եւ Անգլիոյ միջեւ: Սպանիա թիւ 1 թեկնածուն է իր արագ, կայուն ֆութպոլով, որուն շնորհիւ արձանագրած է 6 յաջորդական յաղթանակներ: Անգլիա իր խմբակի մրցումը յաղթանակով աւարտելէ ետք արձանագրած էր 2 հաւասարութիւն, իսկ նաք-աութի հանգրուաններուն, յետ երկարաձգման, կրցած էր յաղթել Սլովաքիոյ (2-1),...

Թենիս. Ալքարաս Հասաւ Աւարտական. Ռիպաքինա Դուրս Մնաց

Թենիս. Ալքարաս Հասաւ Աւարտական. Ռիպաքինա Դուրս Մնաց

Այսօր տեղի կ՛ունենայ Ուիմպըլտընի թենիսի բաց մրցաշարքի աղջկանց աւարտականը` իտալացի Ճասմին Փաուլինիի (թիւ 7) եւ չեխ Պարպորա Քրէյչիքովայի (թիւ 31) միջեւ: Առաջին 3 դասուած թենիսվումըններուն դուրս ելլելէն ետք, կը սպասուէր, որ թիւ 4 Էլինէ Ռիպաքինա (Ղազախստան) դիւրութեամբ շահի Ուիմպըլտընի մրցաշարքը, սակայն չեխ Քրէյչիքովա սեթ մը կորսնցնելէ ետք, 2 սեթեր յաղթեց եւ դուրս ձգեց Ռիպաքինան` 3-6, 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով: 2022-ի...

Page 196 of 1281 1 … 195 196 197 … 1,281

Արխիւներ