1998-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Ֆրանսայի շրջավազքը եւ Ժիրօ Տ՛Իթալիան նոյն մարզիկը շահեցաւ:
Այս տարուան ախոյեան դարձաւ սլովենիացի Թատէյ Փոկաչար, որ անցեալ մայիսին շահած էր նաեւ Ժիրօ Տ՛Իթալիան, կրկնելով իտալացի Մարքօ Փանթանիին (1998) իրագործումը:
Ֆրանսայի շրջավազքը (Թուր տը Ֆրանս), որ Ժիրոյի (Իտալիա) նման 21 հանգրուաններէ կը բաղկանայ, վերջ գտաւ կիրակի օր Փոկաչարի յաղթանակով:
Ան վերջին 5 տարիներուն 3-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ ախոյեան:
2022-ի եւ 2023-ի ախոյեան դանիացի Եոնաս Վինկըկոր գրաւեց 2-րդ դիրքը, մինչ պելճիքացի Ռեմքօ Էվենեփուլ գրաւեց 3-րդ դիրքը:
«Շատ ուրախ եմ եւ չեմ կրնար բացատրել ուրախութեանս չափը, վերջին 2 դժուար տարիներէն ետք` միշտ պզտիկ սխալներ, իսկ այս տարի` ամէն ինչ ամբողջական եւ անսխալ», ըսաւ Փոկաչար:
Փոկաչար 33,7 քմ ժամացոյցի դէմ անհատական մրցումին (Մոնաքոյէն Նիս) 45,24 վայրկեան արձանագրեց` ծանր պարտութեան մատնելով 1 վայրկեանէ աւելի առաւելութիւն ունենալով Վինկըկորի վրայ:
Սլովենիացի մարզիկը վերջին հանգրուանին կրնար հանգիստ ձեւով յաղթել, սակայն ան շատ լուրջ էր, կանուխէն յարձակեցաւ ձեռք ձգելով յաջորդական 3-րդ հանգրուանը` աւարտելով Ֆրանսայի շրջավազքը լաւ ձեւով:
Էրիթրէայի Պինիամ Կիրմէյը կանաչ շապիկը շահեցաւ` կէտերու դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւելով, մինչ Ռիչարտ Քարափաս (Էքուատոր) կէտաւոր շապիկը շահեցաւ` լեռնային դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւելէ ետք:
Փոկաչարի Եու. Էյ. Ի. խումբը գրաւեց խմբային դասաւորման առաջին դիրքը, մինչ Ռեմքօ Էվենեփուլ որ 7-րդ հանգրուանը շահած էր, շահեցաւ ճերմակ շապիկը` դառնալով լաւագոյն երիտասարդ վարորդը իր առաջին մասնակցութեան` Ֆրանսայի շրջավազքին:
121 տարուան պատմութիւն ունեցող Ֆրանսայի շրջավազքը առաջին անգամ ըլլալով աւարտեցաւ Փարիզէն դուրս, ողիմպիական մրցումներու պատրաստութիւններուն հետ խաչաձեւում չըլլալու համար: Ասիկա 1989-էն ի վեր առաջին անգամն էր, որ վերջին հանգրուանին ժամացոյցի դէմ մրցում մը տեղի կ՛ունենար: 1989-ին Կրեկ Լըմոնտ վերջին օրը գերազանցած էր Լորան Ֆինիոնը` դառնալով ախոյեան:
Նշենք, որ 4 մարզիկներ` Ժաք Անքըթիյ (Ֆրանսա), Էտի Մերքս (Պելճիքա), Պեռնար Հինօ (Ֆրանսա) եւ Միկել Ինտուրայն (Սպանիա) շահած են 5-ական անգամ, բրիտանացի Քրիս Ֆրում 4 անգամ դարձած է Ֆրանսայի շրջավազքի ախոյեան, մինչ Թատէյ Փոկաչար (Սլվենիա) միացաւ Ֆիլիփ Թիսի (Պելճիքա), Լուիզոն Պոպեթի (Ֆրանսա) եւ Կրեկ Լըմոնտի (Միացեալ Նահանգներ) 3 տիտղոսով:
Նշենք, որ ամերիկացի Լանս Արմսթրոնկ, որ 7 անգամ ախոյեան դարձած էր 1999-էն 2005, աշխուժացնող դեղեր գործածելուն պատճառով դուրս դրուած էր ախոյեաններու ցանկէն: 2010-ին սպանացի Ալպերթօ Քոնթատոր իր կարգին աշխուժացնող դեղի հետքեր ունենալուն պատճառով զրկուած էր այդ տարուան տիտղոսէն: Ան նախապէս 2007-ին եւ 2009-ին դարձած էր Ֆրանսայի շրջավազքի ախոյեան: