«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Քոնֆերենս լիկ»-ի 3-րդ շաբթուան մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Նոա բաւական դժուար մրցում ունէր կատարելիք Լոնտոնի Չելսիին դէմ:
Սթեմֆորտ Պրիճի մէջ տեղի ունեցած մրցումը յստակօրէն մակարդակի հսկայ տարբերութիւն ունէր, եւ Չելսի 8 անպատասխան կոլեր նշանակեց հայկական բերդին մէջ: Չելսի շատ աւելի արագ եւ ազդու ֆութպոլ կը խաղար: Անշուշտ շատ դժուար կ՛ըլլայ բաղդատել ակումբ մը, որ 963 միլիոն եւրօ պիւտճէ ունի` մօտ 7,76 միլիոն եւրօ պիւտճէ ունեցող խումբի մը հետ:
Հակառակ այս բոլորին, Նոա ինք էր, որ առաջին առիթը ստեղծեց 3-րդ վայրկեանին, երբ փորթուգալցի Կոնսալօ Կրեկորիօ առանձին վազեց դէպի Չելսիի քառակուսի եւ հեռուէն հարուածեց, բայց Չելսիի բերդապահ Ֆիլիփ Եորկընսըն (Դանիա) զսպեց անոր հարուածը:
Սակայն 12-րդ եւ 13-րդ վայրկեաններուն Չելսի 2 արագ կոլեր նշանակեց` շնորհիւ Թոսին Ատարապիոյոյի եւ Մարք Կույուի` օգտուելով յետսապահներու պզտիկ սխալներէ:
18-րդ եւ 21-րդ վայրկեաններուն Աքսել Տիսասի եւ Ժոաօ Ֆելիքս արդիւնքը հասցուցին 4-ի: Կիսախաղ չեղած Մուտրիք եւ Ֆելիքս զոյգ կոլ մը եւս նշանակելով 6-ի հասցուցին հաշիւը: 69-րդ վայրկեանին Նքունքու երկու կոլեր եւս նշանակեց, երկրորդը` փենալթիով, մինչ Նոա այդքան ալ վատ մրցում մը չկատարեց: Ճիշդ է, որ արդիւնքը շատ մեծ էր, սակայն 6-7 առիթով Նոա կրցաւ վտանգել Չելսիի բերդը: Նոայի միակ հարցը պաշտպանողական գիծի սխալներն էին, որոնք ծանր ձեւով «պատժեցին» հայկական ակումբը: Անշուշտ Եւրոպայի լաւագոյն ախոյեանութեան մակարդակը եւ հայկական ֆութպոլի մակարդակը շատ տարբեր են, եւ պէտք է ըսել, որ բաւական համարձակ մրցում մը ունեցան տղաքը:
Այժմ Նոա 3 կէտերով կը գրաւէ 28-րդ դիրքը` 3 մրցումներէ ետք: Յաջորդ մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ 28 նոյեմբերին, Նոա պիտի հիւրընկալէ Իսլանտայի Վիքինկուր Ռեյքիավիքը:
. «Եուրոփա լիկ»-ի մրցումներուն, Մանչեսթըր Եունայթըտ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Փաոք Սալոնիքան: Փղոսկրեայ ափունքցի Ամատ Տիալլօ նշանակեց մրցումին զոյգ կոլերը: Եունայթըտ մօտ 1 տարիէ ի վեր եւրոպական բաժակի գծով չէր յաղթած եւ Վան Նիւթըլրոյի հետ կրցաւ այդ յաղթանակը արձանագրել:
Լացիօ Ռոմա 2-1 արդիւնքով կրցաւ յաղթել Փորթոյին` շնորհիւ Փետրոյի կոլին, 92-րդ վայրկեանին: Ռումանիոլի (Լացիօ) եւ Իւսթաքիօ (Փորթօ) նշանակած էին Բ. կիսախաղին սկիզբը:
Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սլաւիա Փրակը` Օմար Մարմուշի կոլին շնորհիւ: