Մոնթենեկրոյի Փեթրովաչ քաղաքին մէջ սկսաւ Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութիւնը:
Ախոյեանութեան կը մասնակցին 42 երկիրներէ 395 մարզիկներ: Հայաստան կը մասնակցի 20 անդամներով` մեծ վարպետ Հայկ Մարտիրոսեան, Շանթ Սարգսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Արամ Յակոբեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Մանուէլ Պետրոսեան, Էմին Օհանեան, Մամիկոն Ղարիպեան, միջազգային վարպետ Ռոպերթ Փիլիպոսեան, ՖԻՏԷ-ի վարպետներ Բենիկ Ակասարով, Էրիք Գասպարեան, Վաչէ Յովակիմեան, Հայկ Երիցեան, ինչպէս նաեւ Դաւիթ Գէորգեան, Վահան Նալպանտեան, Մանուէլ Առաքելեան, Համլեթ Անտոնեան, Հայկ Մաղաքեան, Գագիկ Խաչատրեան եւ Կիտի Նադանեան:
3 խաղափուլէ ետք, Ռոպերթ Յովհաննիսեան ունի 3 կէտ, Արամ Յակոբեան` 2,5 կէտ:
2 կէտ հաւաքած են Շանթ Սարգսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Մանուէլ Պետրոսեան, Էմին Օհանեան, Մամիկոն Ղարիպեան, Ռոպերթ Փիլիպոսեան, Բենիկ Ակասարով, Էրիք Գասպարեան եւ Դաւիթ Գէորգեան: