20 տարեկան Քոքօ Կաֆ դարձաւ աղջկանց «Մասթըրզ» մրցաշարքի ախոյեան` յաղթելով Ողիմպիական խաղերու ախոյեան Ժենկ Քինուենի (22 տարեկան), Ռիատի մէջ (Սէուտական Արաբիա) տեղի ունեցած մրցաշարքին:
Ամերիկացի թենիսվումըն Կաֆ, որ եղաւ ամէնէն երիտասարդ մարզիկը, որ կը շահէր «Մասթըրզ»-ը վերջին 20 տարիներուն, 6-3 եւ 3-1 արդիւնքով կը պարտուէր, բայց կրցաւ պայքարի բարձր ոգի ցուցաբերել եւ շահիլ:
«Շատ մեծ իմաստ ունի այս յաղթանակը: Աղջկանց առաջին արհեստավարժ մրցաշարքը Սէուտական Արաբիոյ մէջ շահիլը պատմութեան մէջ պիտի յիշուի», ըսաւ ուրախ Կաֆ, որ շահեցաւ 4,8 միլիոն ամ. տոլար` մեծագոյն մրցանակը թենիսի պատմութեան մէջ:
Կաֆ, որ դուրս ձգած էր թիւ 1 Արինա Սապալենքան եւ թիւ 2 Իկա Շվիանթեքը աւարտական չհասած, լուր չունէր մրցանակին գումարէն: «Չեմ գիտեր ի՛նչ պիտի ընեմ հետը: «48 միլիո՞ն ըսիր… յուսամ, որ թենիսի այս տարուան ամէնէն շատ վճարուած աթլեթը ըլլամ: Ատիկա հետաքրքրական կ՛ըլլայ», ըսաւ Կաֆ: