Երէկ վերջ գտաւ Ֆլորիանոփոլիսի մէջ (Պրազիլ) տեղի ունեցած ճատրակի երիտասարդներու եւ պատանիներու տարիքային աշխարհի ախոյեանութիւնը:
18 տարեկանէն վար տղոց մրցումներուն Ալեքս Սահակեան գրաւեց 12-րդ դիրքը` 7 կէտեր ապահովելէ ետք կարելի 11-էն: Առաջին դիրքը գրաւեց ռուս Ալեքսի Կրեպնեւ (թիւ 1 դասուած)` 9 կէտ ձեռք ձգելով: Ղազախ Ալտիար Անսաթ 8,5 կէտ ձեռք ձգեց` գրաւելով 2-րդ դիրքը: Արսէն Դաւթեան 6,5 կէտ ձեռք ձգեց եւ գրաւեց 23-րդ դիրքը: Այս կարգին մասնակցեցան 93 մարզիկներ:
14 տարեկանէն վար պատանիներու մրցումներուն Գոռ Ասքանազեան 6 կէտ ձեռք ձգելով գրաւեց 47-րդ դիրքը: Առաջին դիրքը գրաւեց լեհ Փաթրիք Չիշլաք` 8,5 կէտ հաւաքելով: Նոյնքան կէտեր հաւաքեցին ղազախ Էտկար Մամետով (2-րդ) եւ Սաուաթ Նուրկալիեւ (3-րդ): Այս կարգին մասնակցեցան 118 մարզիկներ:
14 տարեկանէն վար աղջկանց մրցումներուն, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերած էին 95 մարզիկներ, Սոնա Քրքիաշարեան 7 կէտ հաւաքելով գրաւեց 16-րդ դիրքը: Առաջին դիրքը գրաւեց ռուս Տիանա Խաֆիզովա, որ ձեռք ձգեց 9 կէտ` կարելի 11 կէտէն: