«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ, որուն մարզիչ Քրիս Ֆինչ վերջերս յայտնած էր, որ 8 հիմնական մարզիկներ ունի, որոնք բոլորն ալ լաւ վիճակի մէջ են եւ կ՛արժեն լաւագոյն 5-էն ըլլալ, կրցաւ բոլորէն օգտուիլ եւ 135-119 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ արձանագրել Շիքակօ Պուլզի դաշտին վրայ:
Շիքակօ Պուլզ աւելի լաւ սկսաւ մրցումը եւ առաջին կիսախաղին 13 կէտի առաւելութիւն մըն ալ ունէր, ուր Նիքոլա Վուչեւիչ (25 կէտ) եւ Քոպի Ուայթ (24 կէտ) կը փայլէին: Սակայն Մինեսոթա, որ անցեալ եղանակէն խմբային գեղեցիկ խաղաոճ կ՛որդեգրէր, առանց վստահելու անհատական հերոսութիւններու, կրցաւ մրցումին Բ. մասին աւելի լաւ խաղալ եւ յաղթելու Անթոնի Էտուըրտծ (33 կէտ եւ 8 ռիպաունտ), Ճուլիըս Ռենտըլ (22 կէտ եւ 10 ռիպաունտ), Ռուտի Կոպեր (21 կէտ եւ 9 ռիպաունտ), Ճէյրըն Մաքտենիըլզ (19 կէտ), Մայք Քոնլի (14 կէտ եւ 11 էսիսթ) եւ Տոնթէ Տիվիչենցօ (13 կէտ) բարձր մակարդակի պասքեթպոլ ցուցաբերեցին` յաղթելով Շիքակոյին:
Միլուոքի Պաքս այս տարեշրջանին առաջին անգամ ըլլալով կրցաւ յաղթանակ արձանագրել իր դաշտին վրայ` ուրախ պահելով իր 17 հազարէն աւելի համակիրները:
Տեմիըն Լիլըրտ 34 կէտ նշանակեց, մինչ Եաննիս Անթեթոքումփօ աւելցուց 31 կէտ եւ 16 ռիպաունտ ի նպաստ Միլուոքի Պաքսի, որ 6 յաջորդական պարտութիւններէ ետք կրցաւ յաղթել` 10 կէտով ետ մնալէ ետք մրցումին առաջին կէսին:
Միլուոքիի մարզիչ Տոք Ռիվըրզ փոփոխութիւններ կատարած էր իր հիմնական կազմին մէջ եւ արդիւնքը տեսաւ Անտրէ Ճեքսընը դաշտ ներկայացնելով իբրեւ հիմնական մարզիկ:
Եութա առաջին անգամ յառաջացաւ 3-րդ մասին սկիզբը (61-60), բայց Եաննիս իր 4-րդ ֆաուլը կատարած էր եւ կը կարծուէր, թէ յաղթանակը անգամ մը եւս պիտի վտանգուի: Սակայն Անթեթոքումփօ մնաց դաշտը եւ որեւէ ֆաուլ չկատարելով աւարտեց մրցումը: Եաննիս 6 յարձակողական ռիպաունտ հաւաքելով իր ասպարէզի ռիպաունտներուն թիւը 1.469-ի հասցուց` Միլուոքիի պատմութեան մրցանիշը բարելաւելով: Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր Մարքես Ճոնսընի, որ 1.468 յարձակողական ռիպաունտ կատարած էր 1977-էն 1984 ժամանակամիջոցին:
Ճորտըն Քլարքսըն 18 կէտ նշանակեց ի նպաստ Եութա Ճեզի, որ իր 7-րդ պարտութիւնը կրեց 8 մրցումներու ընթացքին:
Սան Անթոնիօ Սփըրզ Թեքսասի մէջ կրցաւ 118-105 արդիւնքով յաղթել Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի, առանց մարզիչ Կրեկ Փոփովիչին: Փոփովիչ անցեալ շաբաթ օր բժշկական հարց մը ունեցած էր, եւ այժմ օգնական մարզիչ Միչ Ճոնսըն ինք կը մարզէ Սփըրզը: Մալաքի Պրանհեմ (17 կէտ), Քելտըն Ճոնսըն (17 կէտ եւ 11 ռիպաունտ), Սթեֆըն Քեսըլ (14 կէտ) եւ Զեք Քոլինզ (14 կէտ) եղան Սփըրզի լաւագոյնները, մինչ ֆրանսացի «հսկան»` Վիքթոր Ուեմպանեամա 12 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց միայն: Փորթլենտի լաւագոյններն էին Տէանտրէ Այթըն (21 կէտ եւ 10 ռիպաունտ) եւ Ճերեմի Կրենթ (21 կէտ):


