Ռէալ Մատրիտ այս տարեշրջանի սկիզբէն հարցեր ունի պաշտպանողական գիծին վրայ, ուր աւստրիացի Տաւիտ Ալապա անցեալ եղանակի կէսէն ֆութպոլ չէ խաղցած վիրաւոր ըլլալուն պատճառով, իսկ Տանի Քարվախալ 5 հոկտեմբերին ծունկի ետեւի խաչաձեւ կապերը պատռեց եւ «փակեց» այս տարեշրջանը: Անցեալ շաբաթ օր պրազիլցի Էտեր Միլիթաօ իր կարգին վիրաւորուեցաւ եւ Քարվախալի նման խաչաձեւ կապերը պատռելով երկար ժամանակ հեռու պիտի մնայ դաշտերէն:
Ռէալ լրջօրէն յետսապահի պակաս ունի, եւ նախկին միջնապահ Կութի կարծիք յայտնած էր կապուիլ նախկին յետսապահ Սերխիօ Ռամոսի հետ, որ այժմ ազատ գործակալ է, վերստին միանալու Ռէալին: Ռամոս, որ ամրան աւարտած էր իր պայմանագրութիւնը Սեւիայի հետ, այժմ կապուած չէ որեւէ խումբի հետ, բայց Ռէալ Մատրիտ աւելի լուրջ կը մտածէ ձեռք ձգել Այմերիք Լափորթէն (Նասր), Եոնաթան Թահը (Պայեր Լեւերքուզըն) կամ Քասթելլօ Լուքեպան (Լայփցիկ):
Ռէալ Մատրիտ քանի մը ամիս առաջ հետաքրքրուած էր Գերմանիոյ Ռետ Պուլ Լայփցիկ ֆրանսացի 21 տարեկան Լուքեպայի ծառայութիւններով: Սակայն այժմ աւելի լուրջ կրնան ըլլալ Լափորթէն (30 տարեկան) կամ գերմանացի Թահը (28 տարեկան), որ Ռուտիկըրի հետ կրնայ աւելի լուրջ եւ փորձառու զոյգ ըլլալ: