Անգլիոյ մէջ ամօթալի իրավիճակ ստեղծուեցաւ, երբ իրաւարար Տէյվիտ Քութ ընկերային ցանցերու վրայ ունեցած էր տհաճ ելոյթ մը, որուն ընթացքին քննադատած եւ վարկաբեկած էր Լիվըրփուլի նախկին մարզիչ գերմանացի Եուրկըն Քլոփը:
«Քլոփը տխմար է, ան ապուշ գերմանացի մըն է: Ան Պըրնլիի դէմ մրցումէն ետք մօտեցաւ եւ մեղադրեց զիս ստելու պատճառով: Ինծի չի հետաքրքրեր նման ամբարտաւան գերմանացիի մը հետ խօսիլը», ըսաւ Քութ, որ նաեւ պահանջեց, որ տեսանիւթը գաղտնի մնայ, սակայն… գաղտնի չմնաց:
«Փրեմիեր լիկ»-ի իրաւարարներու խորհուրդը անմիջապէս կախակայեց Տէյվիտ Քութը, մինչեւ հետաքննութեան աւարտը` վերջնական որոշում տալու համար: