Լիոնել Մեսսիի երազը` շահիլ «Էմ. Էլ. Էս.»-ի տիտղոսը, անկատար մնաց, երբ Ինթեր Մայեմի դուրս մնաց փլէյ-օֆի առաջին հանգրուանէն:
Ինթեր, որ առաջին ճակատումին 2-1 արդիւնքով յաղթական դուրս եկած էր, երկրորդ ճակատումին նոյն արդիւնքով պարտուած էր Աթլանթա Եունայթըտէն: Երէկ Մայեմիի մէջ Ինթեր առաջին կոլը նշանակեց Մաթիաս Ռոխասի շնորհիւ, որ նշանակեց 17-րդ վայրկեանին, երբ Մեսսիի հարուածին զսպուելէն ետք Աթլանթայի բերդապահ Պրետ Կուզանի կողմէ, գնդակը հասած էր Ռուխասի, որ զետեղած էր զայն Աթլանթայի բերդին մէջ:
Սակայն Աթլանթա 2 արագ կոլ նշանակեց 19-րդ եւ 21-րդ վայրկեաններուն` սենեկալցի Ժամալ Թիաբէի շնորհիւ:
Բ. կիսախաղին Մեսսի 65-րդ վայրկեանին նշանակեց կոլ մը: Կը կարծուէր, թէ Մայեմի պիտի վերադառնայ, մանաւանդ որ աւելի լաւ կը խաղար, քան Աթլանթա, սակայն 76-րդ վայրկեանին լեհ Պարթոշ Սլիշ կոլ մը եւս նշանակեց ի նպաստ Աթլանթայի, եւ մրցումը վերջ գտաւ ի նպաստ Աթլանթայի, որ կրցաւ յաղթել 2 մրցումներ` Ինթերի 1-ին դիմաց:
Օրլանտօ Սիթի փենալթիներով կրցաւ դուրս ձգել Չարլոթը: Նիւ Եորք Ռետ Պուլզ իր կարգին փենալթիներով դուրս ձգեց Տիեկօ Ռոսի Մարաշլեանի Քոլոմպուս Քրուն:
Փենալթիներու դիմուեցաւ նաեւ Նիւ Եորք Սիթի – Սինսինաբի մրցումին, ուր Նիւ Եորքի կազմը կրցաւ յաղթել:
Լոս Անճելըս Ֆ. Ք. 1-0 արդիւնքով յաղթեց Վանքուվըր Ուայթքեփսի եւ մրցումներու 2-1 արդիւնքով դուրս ձգեց Վանքուվըրը:
Սիեթըլ Սաունտըրզ 2-0 մրցումներու արդիւնքով դուրս ձգեց Հիուսթըն Տինամոն` հասնելով յաջորդ հանգրուան: Լոս Անճելըս Կալաքսի 4-1 արդիւնքով յաղթեց Քոլորատօ Ռափիտսի, ուր Կապրիել Փեք, Ժոզեֆ Փէյնթսիլ եւ Ռիքի Փուիճ (2) նշանակեցին 11 կոլերը, եւ մրցումներու 2-0 արդիւնքով հասան յաջորդ հանգրուան:
Մինեսոթա Եունայթըտ փենալթիներով դուրս ձգեց Ռէալ Սոլթ Լէյքը մրցումներու 2-0 արդիւնքով: Առաջին մրցումն ալ փենալթիներով յաղթած էր Մինեսոթան:
«Էմ. Էլ. Էս.»-ի օրէնքով պէտք է ամէն խումբ անպայման յաղթէ մրցումը, եւ այդ պատճառով կը դիմուի փենալթիներու:
Միակ անակնկալ արդիւնքը այս հանգրուանին Ինթեր Մայեմիի արդիւնքն էր, որ բնական եղանակի ախոյեանն էր կէտերով: Սակայն փլէյ-օֆի մրցումին անակնկալ պարտութիւնը` թիւ 9 դասուած Աթլանթայէն, մեծ անակնկալ էր 8 անգամ «Ոսկի գնդակ» շահած Մեսսիի խումբին: