«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթավերջին Քլիվլենտ Քեվելիրզ իր 11-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց` 105-100 արդիւնքով յաղթելէ ետք Պրուքլին Նեթցի:
Էվըն Մոպլի (23 կէտ եւ 16 ռիպաունտ), Տոնավըն Միջել (22 կէտ) եւ Տարիըս Կարլընտ (20 կէտ) եղան Քլիվլենտի լաւագոյնները: Քամերոն Ճոնսըն (23 կէտ), Քեմ Թոմաս (22 կէտ) եւ Տենիս Շրէօտըր (22 կէտ) եղան Պրուքլինի լաւագոյնները:
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 116-106 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ֆիլատելֆիա 76-ըրզը` արձանագրելով իր 5-րդ յաղթանակը 9 մրցումներու ընթացքին: Ֆիլատելֆիա, որ տակաւին կը խաղայ առանց իր աստղեր Ժոել Էմպիիտի եւ Թայրիս Մեքսիի, կրեց իր 7-րդ պարտութիւնը` 8 մրցումներու ընթացքին:
Անթոնի Տէյվիս 31 կէտ նշանակեց, մինչ վեթերան աստղ Լըպրոն Ճէյմս թրիփըլ տապըլ իրագործեց (21 կէտ, 13 էսիսթ եւ 12 ռիպաունտ): Օսթըն Ռիվզ 20 կէտ աւելցուց ի նպաստ Լէյքըրզի: Անտրէ Տրամընտ 14 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Ֆիլատելֆիոյ:
Լոս Անճելըսի 2-րդ խումբը` Քլիփըրզ, իր յաջորդական 4-րդ յաղթանակը արձանագրեց երեք մրցումներ պարտուելէ ետք, եւ երէկ 105-103 արդիւնքով յաղթեց Թորոնթօ Ռեփթըրզին: Ճէյմս Հարտըն 24 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Հետաքրքրական մրցում էր Տալաս Մեւրիքս – Ֆինիքս Սանզ մրցումը, ուր Ֆինիքս յաղթեց 1 կէտի առաւելութեամբ 114-113 արդիւնքով:
Լոքա Տոնչիչ (30 կէտ) եւ Քայրի Ըրվինկ (29 կէտ) փայլեցան իրենց խաղարկութեամբ, բայց Քեւըն Տիւրենթ (26 կէտ) եւ ընկերներ եղան վերջին յաղթականները, մինչ Ֆինիքս իր 7-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց եւ Օքլահոմայի նման իր 9 մրցումներէն 8-ն յաղթած է:
Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն արդիւնքները.
Օրլանտօ Մեճիք – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 115-88
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Աթլանթա Հոքս 122-121
Չարլոթ Հորնեթց – Ինտիանա Փէյսըրզ 103-83
Տալաս Մեւրիքս – Ֆինիքս Սանզ 113-114
Նիւ Եորք Նիքս – Միլուոքի Պաքս 116-94
Քլիվլենտ Քեվելիրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 136-117
Պոսթըն Սելթիքս – Պրուքլին Նեթց 108-104
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Հիուսթըն Ռոքեթց 126-107
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 128-104
Տենվըր Նակեթց – Մայեմի Հիթ 135-122
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 127-102
Սաքրամենթօ Քինկզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 98-107
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 116-106
ԵՐԷԿ
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Եութա Ճեզ 110-111
Քլիվլենտ Քեվելիրզ – Պրուքլին Նեթց 105-100
Աթլանթա Հոքս – Շիքակօ Պուլզ 113-125
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 105-103